By Asbarez | Thursday, 06 September 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 6 Սեպտեմբերին ընդունած է ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենը:
Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին երկու անձնաւորութիւնները պատասխանած են լրագրողներուն հարցումներուն։
«Հունգարիայի կառավարութեան քայլը պարզապէս անընդունելի է», յայտարարած է նախագահ Սարգսեան եւ շարունակած. «Հունգարիայի կառավարութիւնն ուղղակի չէր կարող տեղեակ չլինել, թէ ինչպէս էր Ատրպէյճանում հերոսացւում Սաֆարով կոչուած մարդասպանը, չէր կարող չկանխատեսել, որ նա ազատ է արձակուելու, առաւել եւս, որ այդ մասին խօսուել էր բազմիցս եւ Հունգարիայի ղեկավարները հաստատել էին այդ կասկածները: Ես այսօր իմ խորին երախտագիտութիւնն եմ յայտնում բոլոր այն հունգարացիներին, ովքեր այս դժուարին օրերին բարձր բարոյականութիւն դրսեւորեցին ու նեցուկ եղան հայ ժողովրդին»։
Ան դիտել տուած է, որ այս ծիրին մէջ կ՛ուզէ անդրադառնալ այլ հարցի մը. «Մենք տարբեր առիթներով բազմիցս նախազգուշացրել ենք մեր գործընկերներին, որ պաշտօնական փաստաթղթերում, հրապարակային յայտարարութիւններում Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին միակողմանի, բանակցային գործընթացի իրական բովանդակութիւնը չարտացոլող ձեւակերպումները վտանգաւոր են առաջին հերթին այն առումով, որ դրանք քաջալերում են Ատրպէյճանի ապակառուցողական, առաւելապաշտական դիրքորոշումը: Համոզուած եմ, որ նաեւ այդ չակերտաւոր քաղաքական կոռեկտութիւնն է հիմք ծառայել Ադրբեջանի աղաղակող այս կեցուածքին ու գործողութիւններին»։
ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն Երեւանի պետական համալսարանին մէջ ուսանողներուն եւ դասախօսներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին դիտել տուած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ մարդասպան սպայի ներման վերաբերեալ ՆԱԹՕի դիրքորոշումը 7 Սեպտեմբերին պիտի դրսեւորուի Պաքուի մէջ: Ան կը պատասխանէր այն հարցումին, որ Սաֆարովի ներման որոշումը արդեօք չի՞ նշանակեր, որ Ատրպէյճանը պետական մակարդակով կ՛աջակցի եւ կ՛արդարացնէ ազգային հողին վրայ կատարուած սպանութիւնը:
«Վաղը ես պիտի երթամ Պաքու, ուր այս հարցի առնչութեամբ պիտի արտայայտեմ մեր դիրքորոշումը: Սպանութիւնը պէտք չէ փառաբանուի: Ես վստահ եմ, որ ասիկա զայրոյթ յառաջացուցած է Հայաստանի մէջ։ Կը հասկնամ ձեզ։ Ասիկա տնտեսական եւ քաղաքական մեծ անյաջողութիւն պիտի ըլլայ այս տարածաշրջանին համար, ինչ որ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ ՆԱԹՕի շահերէն չի բխիր եւ պէտք չէ խանգարէ խաղաղ գործընթացը», յայտնած է Ռասմուսենը:
Ան ըսած է, որ Հայաստանը եւ տարածաշրջանը պէտք է օգտագործեն իրենց ամբողջ ներուժը՝ բաց սահմաններու, ազատ ներդրումներու եւ Հայաստանի տնտեսութեան օժանդակող ներածումներու։ «Գիտենք, թէ ի՛նչ բան կը խանգարէ այս մէկը՝ փակ սահմանները, ականապատ դաշտերը, օդային փակ տարածքները եւ տարածաշրջանի անկայուն վիճակը»:
Լեռնային Ղարաբաղի հարցին գծով ան նշած է, որ ՆԱԹՕ երկու կէտ ունի այս գծով: Առաջին՝ հակամարտութիւնը պէտք չէ լուծուի ռազմական ճամբով: Երկրորդ՝ հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի միայն երկխօսութեամբ։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ