Պան Քի Մուն Կը Յուսայ, Որ Սաֆարովի Ներումը Վնաս Չի Հասցներ Արցախի Տագնապը Լուծելու Գործընթացին

By Asbarez | Monday, 10 September 2012

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- ՄԱԿի ընդհանուր գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մուն ափսոսանք յայտնած է հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը սպաննած Ռամիլ Սաֆարովի ներման շուրջ իրադարձութիւններու զարգացման կապակցութեամբ:

Ան յոյս յայտնած է, որ այս բոլորը վնաս չեն հասցներ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին: «Յոյս ունինք, որ այդ հարցը վնաս չի հասցներ ղարաբաղեան խաղաղ գործընթացին ու կողմերուն միջեւ վստահութիւն ապահովելու ջանքերուն», յայտնած է Մունի ներկայացուցիչ Մարթին Նեսիրիք՝ աւելցնելով. «Ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման այլընտրանք գոյութիւն չունի:

ՄԱԿը կ՛ընդգծէ՝ քրէական գործերով պատասխանատուութեան ենթարկման ու անօրինականութեան դէմ պայքարին մէջ, իր կազմին մէջ մտնող երկրներու կողմէ միջազգային չափանիշներուն ու օրէնքի սկզբունքներուն հետեւելու պատասխանատուութիւնը»:

comments