By Asbarez | Monday, 10 September 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հունգարական Politics.hu-ի համաձայն, Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Եանոս Մարտոնյի Հայաստանի իր պաշտօնակիցին՝ Էդուարդ Նալբանդեանին, ուղղած է նամակ մը, որուն մէջ դիտել տուած է, թէ Ռամիլ Սաֆարով Ատրպէյճանին արտայանձնելու քայլը ոչ մէկ ձեւով հայ ժողովուրդին դէմ ուղղուած է ու երբե՛ք չի միտիր վիրաւորել հայութիւնը։
Մանտոնյի շեշտած է, որ Սաֆարովի արտայանձնումը կը համապատասխանէ միջազգային կանոնագիրներուն եւ նման պարագաներու Հունգարիոյ ունեցած փորձառութեան։ Ան պնդած է, որ գործարքը կը կրէ «զուտ իրաւաբանական բնոյ»չ։ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարը ափսոսանք յայտնած է Հունգարիոյ հետ Հայաստանի դիւանագիտական յարաբերութիւններուն եւ պաշտօնական կապերու կասեցման առնչութեամբ՝ դիտել տալով, որ երկու ժողովուրդները հազարամեակներ շարունակ ունեցած են սերտ կապեր՝ «քրիստոնէական արժէքներու վրայ հիմնուած»։ Ան նշած է նաեւ, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու կասեցումը կրնայ առաջնորդել լուրջ հետեւանքներու, որոնք չեն բխիր Հայաստանի շահերէն։
Նախարարը իր աջակցութիւնը յայտնած է ԵԱՀԿի կողմէ ի գործ դրուած ջանքերուն՝ բանակցութիւններու միջոցով լուծելու հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը։ Իր նամակը եզրափակելով՝ ան հայաստանցի իր գործընկերոջ հաւաստիացուցած է, որ Հայաստանի հետ հետագայ կապերու զարգացման իմաստով՝ Հունգարիա անփոփոխ կը մնայ իր դրական կեցուածքին վրայ՝ կոչ ուղղելով երկկողմանի ջանք ի գործ դնելու, որպէսզի բարեկամական յարաբերութիւնները վերականգնին:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ