Ատրպէյճան Բողոքի Գրութիւն Փոխանցած Է ԱՄՆի Կառավարութեան

By Asbarez | Monday, 04 October 2010

ՊԱՔՈՒ.- Ըստ ատրպեճանական APA գործակալութեան, Ատրպէյճանը բողոքի արձանագրութիւն յղած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ կազմակերպուած հանդիպումներուն ուղղութեամբ:

Այդ նպատակով, արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրուած է Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու հաւատարմատար Ատամ Սթերլինկ:

Բողոքի արձանագրութեան մէջ պաշտօնական Պաքուն կը դատապարտէ քոնկրեսականներուն հանդիպումը Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ, եւ կ՛ընդգծէ, թէ «Այդօրինակ այցերը ստուեր կը նետեն Ատրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւններուն վրայ, յատկապէս հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Միացեալ Նահանգները կը հանդիսանայ խաղաղ բանակցութիւնները վարող միջնորդական խումբի անդամ»:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդումով, արձագանգելով բողոքի արձանագրութեան՝ պաշտօնական Ուաշինկթընը տեղեկացուցած է, թէ Աշոտ Ղուլեանի այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ կը կրէր յատուկ բնոյթ, եւ թէ ան ժամանած է իբրեւ Հայաստանի քաղաքացի, ու որեւէ պաշտօնական հանդիպում չէ ունեցած:

APA գործակալութեան հաղորդումով, պատասխան նամակին մէջ Միացեալ Նահանգներ նաեւ վերահաստատած է իր դիրքորոշումը՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ:

Նշենք, որ ամերիկեան աղբիւրները որեւէ տեղեկատուութիւն չեն հաղորդած ատրպեճանական բողոքի արձանագրութեան եւ Ուաշինկթընի արձագանգին մասին:

 

comments