By Asbarez | Monday, 10 September 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 10ի երեկոյեան, ճատրակի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին վերատիրացած Հայաստանի ազգային հաւաքականը, նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ դիմաւորուեցաւ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ, ուր նաեւ մեծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր հայ վարպետները դիմաւորելու համար:
Պոլսոյ մէջ կայացած խմբային ճատրակի 40րդ մրցաշարքին մասնակցած Հայաստանի տղամարդկանց հաւաքականի կազմի անդամներն են Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Տիգրան Լեւոնի Պետրոսեան, Վլադիմիր Յակոբեան եւ Սերգէյ Մովսիսեան, իսկ խումբի գլխաւոր մարզիչն է Արշակ Պետրոսեան:
Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք, ախոյեանները՝ նախագահին գլխաւորութեամբ, ուղեւորուեցան Ազատութեան հրապարակ, ուր տեղի ունեցաւ տօնական համերգ մը, բազմահազար երկրպագուներու մասնակցութեամբ:
Հայաստանի տղամարդկանց հաւաքականը, որ վերջին հանգրուանին 2.5-1.5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հունգարիան, երրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ աշխարհի ախոյեան:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Ռուսիան, իսկ երրորդը՝ Ուքրանիան, որ վերջին հանգրուանին 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց մինչ այդ առաջատարի դիրք գրաւող մրցաշարքի անակնկալ խումբը՝ Չինաստանի հաւաքականը:
Հայաստանի հաւաքականի կազմին մէջ երեք անգամ ախոյեան հռչակուած են Լեւոն Արոնեանը, Վլադիմիր Յակոբեանը եւ Գաբրիէլ Սարգսեանը, երկու անգամ՝ Տիգրան Պետրոսեանը, եւ մէկ անգամ՝ Սերգէյ Մովսիսեանը:
Հաւաքականի առաջատար Լեւոն Արոնեան յայտնեց. «Մենք գնացել էինք յաղթելու ոչ միայն մեզ համար, այլ հէնց այնտեղի՛ հայութեան համար: Ես ինձ անչափ հպարտ եմ զգում, քանի որ նման հաւաքականի մի մասնիկն եմ»:
Նաեւ, Հայաստանի կանանց հաւաքականը, որ վերջին հանգրուանին 2.5-1.5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Լեհաստանի դէմ, վեցերորդ հանդիսացաւ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ