By Նիուզ | Monday, 11 October 2010
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Հոկտեմբեր 7ին ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Ռապըրթ Պրատթքի (ԱՄՆ), Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Պեռնար Ֆասիէ (Ֆրանսա) եւ անոնց ուղեկցող փորձագէտները, որոնք Արցախ ժամանած են Մինսկի խումբի համանախագահութեան՝ իրավիճակին ծանօթանալու դաշտային առաքելութեան ծիրէն ներս:
Ըստ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան վարչութեան, հանդիպման ընթացքին քննարկուած են առաքելութեան իրականացման առնչուող հարցեր: Երկրին ղեկավարը նշած է, որ Արցախի մէջ ստեղծուած են բոլոր պայմանները՝ աշխատանքները պատշաճ մակարդակով իրականացնելու համար:
Կողմերը նաեւ անդրադարձած են սոյն դաշտային առաքելութեան երկրորդ փուլի իրականացման՝ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի գրաւուած տարածքներուն մէջ: Այս համաթեքսթին մէջ նախագահ Սահակեան նշած է, որ առաքելութեան յաջող ընթացքին համար, Արցախի իշխանութիւնները կ՛ակնկալեն կառուցողական մօտեցում նաեւ Պաքուի կողմէ՝ Շահումեանի, Գետաշէնի, Մարտակերտի եւ Մարտունիի բռնագրաւուած հատուածներուն մէջ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ առկայ վերջին զարգացումները: Նախագահ Սահակեան նշած է, որ Ատրպէյճանի մէջ հակահայկական քարոզչութիւնը եւ ապակառուցողական քայլերը չեն դադրիր, ինչ որ մեծապէս կը խոչընդոտէ հակամարտութեան կարգաւորման. ան նաեւ կոչ ըրած է համանախագահներուն համապատասխան ձեւով արձագանգելու այդ զարգացումներուն:
Նշենք, որ հանդիպման մասնակցած են Արցախի արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանը եւ պաշտօնատար այլ անձինք:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ