Րաֆֆի Յովհաննէսեանը Պիտի Փոխարինուի Թեւան Պօղոսեանով

By Asbarez | Friday, 14 September 2012

ԵՐԵՒԱՆ.- Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի փոխարէն խորհրդարանին մէջ աթոռ պիտի ունենայ համամասնական ցանկին մէջ 6րդ դիրքը գրաւող անկուսակցական Թեւան Պօղոսեանը: Այս մասին յայտնած է Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեանը՝ աւելցնելով, որ ատիկա իր անձնական կարծիքն է։

Յակոբեան նաեւ նշած է, որ ներկայ դրութեամբ իրենց համամասնական ցանկին մէջ որեւէ փոփոխութիւն չէ կատարուած եւ պիտի չկատարուի: Արձագանգելով լրագրողներու այն կարծիքին, թէ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի այս քայլը քաղաքական որոշ ուժերու կողմէ կը դիտուի իբրեւ կողմնորոշման հարց ունենալու երեւոյթ՝ Յակոբեան պատասխանած է, որ համամիտ չէ այդ կարծիքին:

comments

Advertisement