Նալբանդեան Ատրպէյճանի Գործելաոճը Ահաբեկչական Կը Բնութագրէ

By Հետք | Monday, 11 October 2010

ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Հոկտեմբեր 6ին, ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան պատասխանելով զոհուած հայ գերի Մանուէլ Սարիբէկեանի մասին հարցումին՝ յայտնած է, թէ երիտասարդ հովիւին առեւանգումը, բռնութեան միջոցով ակնյայտ անհեթեթութիւններ ըսել ստիպելը եւ վերջապէս սպաննելը զարհուրելի է թէ՛ իր էութեամբ, եւ թէ «սինիզմ»ի իր աստիճանով:

«Սա յայտնի ահաբեկիչներին բնորոշ գործելաոճ է. սկզբից պատանդին նուաստացնել տեսախցիկի առջեւ, ապա՝ սպաննել», ըսած է ԱԳ նախարարը ու աւելցուցած. «Քնած մարդկանց կացնահարողներին, գերիներին սպաննողներին, մշակութային ժառանգութիւնը շարունակաբար ոչնչացնողներին հրահրողները եւ հերոսացնողները ՄԱԿի ամպիոններից խօսում են հումանիտար իրաւունքից. մի գուցէ իրենց համար այդ բառն այլ իմաստ ունի»:

«Ի հարկէ, հասկանալի է, որ նման՝ միջնադարեան մեթոտներով հարցեր չես կարող լուծել եւ յայտնի է, որ բռնութիւնը թուլութեան նշան է», ըսած է նախարար Նալբանդեան:

Նշենք, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ) երկխօսութիւն կը վարէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ, Սեպտեմբեր 11ին Ատրպէյճանի մէջ գերեվարուած եւ ըստ ատրպեճանական վարկածին՝ «ինքնասպանութիւն» գործած Հայաստանի քաղաքացի Մանուէլ Սարիբէկեանի դիակը Հայաստան տեղափոխելու ուղղութեամբ:

Յիշեցնենք, որ Մանուէլ Սարիբէկեան, որ հովիւ էր եւ մոլորուելով անցած էր հայ-ատրպեճանական սահմանը ու գերի ինկած ատրպէյճանցիներուն կողմը, ըստ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ռազմական դատախազութեան միացեալ յայտարարութեան՝ «դիվերսանտ» էր (խափանարար), եւ Հոկտեմբեր 5ին ինքնասպանութիւն գործած էր: Մինչդեռ, նոյն օրը, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը (ՊՆ) իր տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշած էր, թէ երիտասարդ հովիւը Ատրպէյճանի մէջ կտտանքներու ազդեցութեան տակ, համացանցով տարածուած տեսանիւթին մէջ յայտնած է, թէ ան պատրաստուած է Ատրպէյճանի մէջ ահաբեկչական գործողութիւն իրականացնելու համար:

«Մանուէլ Սարիբէկեանի ողբերգական մահուան պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ ընկնում է նրան գերեվարող երկրի՝ Ատրպէյճանի վրայ», նշուած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

ԿԽՄԿ Հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Աշոտ Աստաբացեան, իր հերթին յայտնած է, թէ ԿԽՄԿն Մանուէլ Սարիբէկեանին տակաւին չէր այցելած: «Ի տարբերութիւն այնտեղ գտնուող մնացած անձանց, որոնց մեր կազմակերպութիւնը այցելում է, Մանուէլ Սարիբէկեանին չենք այցելել, քանի որ մինչ իր մահը՝ դեռեւս թոյլտուութիւն չէինք ստացել իրեն այցելել», ըսած է Աստաբացեան։

Հայաստանի ՊՆ իր յայտարարութեան մէջ միջազգային կառոյցներուն, մասնաւորապէս ԿԽՄԿի ուշադրութիւնը կը հրաւիրէր այն փաստին վրայ, որ Ատրպէյճանը հերթական անգամ խախտած է միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշները, մասնաւորապէս՝ «Ռազմագերիների հետ վարուելակերպի մասին» համաձայնագիրին դրոյթները՝ նման սադրիչ քայլի դիմելով ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահներու դաշտային գնահատման առաքելութեան օրերուն»:

«Արդէն որերորդ անգամ Ատրպէյճանը յանցաւոր քայլերի է գնում՝ չարժանանալով միջազգային իրաւասու կառոյցների պարսաւանքին: Հէնց այդ անպատժելիութեան զգացողութիւնն է սպաննել միջազգային նորմերով չպաշտպանուած մեր հայրենակցին», ըսուած է Հայաստանի ՊՆի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի (ՄԻՊ) բանբեր Ծովինար Խաչատրեան նշած է, թէ ՄԻՊ գրասենեակը կը պատրաստէ ԿԽՄԿին ուղղուելիք նամակ մը՝ Մանուէլ Սարիբէկեանի դիակը Հայաստան տեղափոխելու մասին:

Անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ ԿԽՄԿ արդէն իսկ կը զբաղի այդ հարցով՝ բանբերը պատասխանած է. «Ամէն դէպքում, առաւելագոյնը, որ կարող ենք այս պահին անել՝ դա՛ է, որովհետեւ մեր իրաւասութիւնների ներքոյ միայն Հայաստանի պատկան մարմինների իրաւախախտումների վերաբերեալ գործողութիւններ իրականացնելն է»:

Նշենք, որ այլ երկրի մէջ Հայաստանի քաղաքացիի իրաւունքներու ոտնահարման վերաբերեալ գործողութիւններ կարելի է իրականացնել միայն համագործակցելով տուեալ երկրի ՄԻՊին հետ, մինչդեռ Ատրպէյճանի ՄԻՊն կտրականապէս կը մերժէ շփում ունենալ Հայաստանի ՄԻՊ գրասենեակին հետ: Երբ Մանուէլ Սարիբէկեան գերեվարուած էր, Հայաստանի ՄԻՊ գրասենեակը դիմած էր Ատրպէյճանի նոյն գրասենեակին, իսկ վերջինս, ինչպէս միշտ, մերժած էր կապուիլ անոնց հետ։ «Դրա համար այլ պատկան մարմինները պէտք է նման միւս հարցերին պատասխանեն, նկատի ունեմ՝ արտ. գործ. նախարարութիւնը, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան նախարարութիւնն էլ է արդէն յայտարարութիւն տարածել», աւելցուցած է Ծովինար Խաչատրեան:

comments

Advertisement