Հունգարացիներուն 32 Տոկոսը Սաֆարովի Հարցով Մեղաւոր Կը Նկատէ Հունգարիան

By Asbarez | Tuesday, 18 September 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հունգարացիներուն 94 տոկոսը տեղեակ է մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման խնդիրէն, իսկ 74 տոկոսը կը կարծէ, թէ հարցը մեծապէս կարեւոր է Հունգարիոյ համար՝ ըստ Սեպտեմբեր 7էն 12 կատարուած հարցախոյզի մը արդիւնքներուն: Իշխող կուսակցութեան պատուէրով կատարուած հարցախոյզին համաձայն՝ հունգարացիներուն 59 տոկոսը արարքին գլխաւոր պատասխանատու կը համարէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը, իսկ 32 տոկոսը կը մեղադրէ Հունգարիոյ կառավարութիւնը:

comments