By Asbarez | Tuesday, 18 September 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 18 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած է արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Բրիտանիոյ ու Հիւսիսային Իրլանտայի Եւրոպայի հարցերով նախարար Տէյվիտ Լիտինկթընի միացեալ մամլոյ ասուլիսը, որուն ընթացքին նախարար Նալբանդեան դիտել տուած է, որ Հայաստանի ու Բրիտանիոյ յարաբերութիւնները ամուր հիմերու վրայ են: Նախարարը նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-Եւրամիութիւն փոխյարաբերութիւնները, երկկողմանի յարաբերութիւնները, անդրադարձած են Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն, Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման շուրջ ստեղծուած իրադրութեան, Սաֆարովի ազատ արձակման եւ այն մեծ վնասին, որ այդ քայլը հասցուցած է բանակցային գործընթացին: Կողմերը քննարկած են նաեւ տարածաշրջանային հարցեր:
Նախարար Տէյվիտ Լիտինկթըն նշած է, որ ասիկա Հայաստան կատարած Իր առաջին այցելութիւնն է: « Ինծի համար հաճելի է Երեւանի մէջ գտնուիլ, իմաստալից է, որ ես կը մասնակցիմ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20ամեակի հանդիսութեան եւ Հայաստանի մէջ Բրիտանական խորհուրդի ներկայութեան տասնամեակի նշումին», դիտել տուած է ան։ Բրիտանացի նախարարը նկատել տուած է, որ բրիտանական մշակոյթը Հայաստանի մէջ կը գնահատուի՝ ընդգծելով, որ մեծ թիւով ուսանողներ կը մեկնին Բրիտանիա իրենց բարձրագոյն ուսումը հոն ստանալու նպատակով։ Ան յոյս յայտնած է, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները աւելի կ՛ամրապնդուին: «Միացեալ Թագաւորութիւնը միշտ ջատագոված է Արեւելեան գործընկերութիւնը, որուն կարեւոր անդամն է Հայաստանը: Ներկայիս Համապարփակ ազատ առեւտուրի բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան, մենք անոնց ալ պիտի աջակցինք», նշած է Տէյվիտ Լիտինկթըն։ Բրիտանացի նախարարը ուրախութիւն արտայայտած է Երեւանի շուկաներուն մէջ բրիտանական խանութներու առկայութեան համար՝ նշելով, որ այդպիսով եւս յարաբերութիւնները աւելի եւս կը զարգանան եւ առեւտրական բնագաւառին մէջ յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրուի։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ