Սերժ Սարգսեան Ընդունած է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

By Asbarez | Wednesday, 19 September 2012

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Ռիփորթ».- Նախագահ Սերժ Սարգսեան 19 Սեպտեմբերին ընդունած է պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Անաթոլի Սերտիւքովը, որ հանրապետութեան նախագահին հետ ներկայ գտնուած է «Փոխգործակցութիւն-2012» ՀԱՊԿի արագ արձագանգման հաւաքական ուժերու միացեալ զօրավարժութիւններուն:

Անոնք քննարկած են հայ-ռուսական ռազմական եւ ռազմաարհեստագիտական համագործակցութեան, տարածաշրջանային անվտանգութեան ապահովման ու առկայ մարտահրաւէրներուն, միջազգային իրավիճակին, ինչպէս նաեւ միացեալ զօրավարժութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են երկու երկիրներուն միջեւ ռազմական բնագաւառին մէջ գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան մակարդակի վերաբերեալ: Հանրապետութեան նախագահին համաձայն, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարին այցելութիւնը, յատկապէս Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20ամեակին եւ Բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան մասին պայմանագիրի 15ամեակի զուգադիպող այս տարուան ընթացքին, յատկանշական է ու կը վկայէ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ խոր եւ ամուր յարաբերութիւններուն մասին։
Նախարար Անաթոլի Սերտիւքով՝ օգտուելով հանդիպման պատեհ առիթէն, Հայաստանի անկախութեան 21րդ տարեդարձի նախօրէին շնորհաւորած է Հայաստանի նախագահը եւ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիները՝ մաղթելով խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն:

Նախարարը գոհունակութեամբ արտայայտուած է տեղի ունեցած համատեղ զօրավարժութիւններուն մասին, որոնք, ըստ անոր, ռազմական բնագաւառին մէջ սերտ փոխգործակցութեան վկայութիւնն են:

comments