By Արմէնփրէս | Sunday, 17 October 2010
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.- Ալ. Սպենդիարեանի անուան թատրոնին մէջ, Հոկտեմբեր 14ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄի հարիւրամեայ յոբելեանին նուիրուած հայաստանեան միջոցառումներու փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ էր Հայաստանի առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչը, ՀՕՄի անդամները եւ այլք:
Հանդիսութեան ընթացքին ներկայացուեցաւ միջազգային ազգանուէր այս հասարակական կազմակերպութեան մէկդարեայ գործունէութիւնը, ու այդ մասին ժապաւէն ցուցադրուեցաւ. տեղի ունեցան նաեւ գեղարուեստական ներկայացումներ:
Վարչապետ Սարգսեան, կառավարութեան անունով շնորհաւորելով ՀՕՄուհիները՝ բարձր գնահատեց վերջիններուն դերը հայ ազգային բարեգործական գործունէութեան մէջ:
<<Օրը պատասխանատու է նաեւ, որովհետեւ աշխարհի աւելի քան երկու տասնեակ երկրներից հայրենիք են ժամանել աւելի քան 300 ազգանուէր ՀՕՄուհիներ՝ իրենց կարեւորագոյն տօնը Հայաստանում նշելու>>, ըսաւ վարչապետը՝ ընդգծելով, որ 2011ին կ՛ամբողջանայ կազմակերպութեան՝ հայրենիքին մէջ գործունէութեան 20ամեակը, ինչ որ նոյնպէս մեծ պատիւ պիտի ըլլայ թէ՛ ՀՕՄի անդամներուն եւ թէ ամբողջ Հայաստանի ու Սփիւռքի հայ ժողովուրդին համար:
Միջոցառման ընթացքին կարդացուեցաւ նաեւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին յղած շնորհաւորանքը, որուն մէջ բարձր կը գնահատուէր հայ կանանց բնածին հոգատարութիւնը, որ ՀՕՄուհիներու պարագային՝ ծառայեցուած է ազգային բարօրութեան ի նպաստ:
ՀՕՄի կեդրոնական վարչութենէն Շաքէ Պասմաճեան յոյս յայտնեց, որ ՀՕՄի կրթական, բարեգործական գործունէութիւնը տակաւին կը շարունակուի եւս մէկ դար՝ նպաստելով աշխարհասփիւռ հայութեան կենսական պայմաններու բարելաւման:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ