Արամ Ա. Հայաստանը Հզօրացնելու Եւ Սուրիահայութեան Օժանդակելու Կոչեր Կատարեց

By Asbarez | Tuesday, 25 September 2012

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի, Սեպտեմբեր 23ին, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 21րդ տարեդարձին առիթով: Հանրապետական մաղթանքին նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:

Հանրապետական մաղթանքէն ետք խօսք առնելով՝ վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Երկար դարերու տառապանքէ ու հալածանքէ ետք, Մայիս 28, 1918ին հայրենի մեր ժողովուրդը կերտեց իր անկախութիւնը: Դժբախտաբար կարճ ժամանակ յետոյ Հայաստանը կորսնցուց իր անկախութիւնը եւ տասնամեակներ շարունակ ենթակայ դարձաւ համայնավար վարչակարգին: 1991, 21 Սեպտեմբերին Հայաստանը վերանկախացաւ շնորհիւ մեր ժողովուրդի մարտունակ ոգիին ու գիտակից յանձնառութեան: Չի՛ բաւեր միայն անկախութիւն ունենալ. հիմնականը այդ անկախութիւնը պահել ու զօրացնելն է: Արդ, Հայաստանը կը պատկանի ամբողջ հայութեան, հետեւաբար Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումը իւրաքանչիւր հայուն պարտաւորութիւնն է: Հզօրացում ըսելով մենք կը հասկնանք ժողովուրդին ամուր կապուածութիւնը հայրենիքին: Անոր կենսամակարդակի բարձրացումը, հայ մշակոյթին ծաղկումը, պետական կառոյցներու ամրացումը, Հայաստանի արտաքին յարաբերութեանց ծաւալումը, հայրենի մեր քաջարի բանակին ամրացումը, եւ այս բոլորը կարելի է իրագործել մեր բոլորին ամբողջական մասնակցութեամբ՝ հայրենաշինութեան նուիրական գործին»:

Ապա վեհափառը, անդրադառնալով Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն՝ ըսաւ. «Կը վերահաստատենք մեր կոչը աջակցելու Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն: Սուրիոյ հայութեան տագնապը համազգային հիմնահարց է եւ այս գիտակցութեամբ հարկ է մօտենալ անոր: Առանց խտրութեան, անհրաժեշտ է օգնութեան ձեռք երկարել Սուրիոյ հայութեան՝ այսօ՛ր. վաղը կրնայ ուշ ըլլալ»: Վեհափառ հայրապետը յիշեց, թէ Սուրիայէն որոշ թիւով հայ ընտանիքներ եկած են Լիբանան՝ պայմաններու դժ-բախտ բերումով: Ան ըսաւ. «Սուրիոյ հայերը մեր եղբայրներն ու քոյրերն են. անոնք մեր հիւրերը չեն: Ա՛յս գիտակցութեամբ պէտք է մօտենանք անոնց, եւ մեր տուներուն, ակումբներուն, եկեղեցիներուն, գործատեղիներուն դռները լայնօրէն պէտք է բանանք անոնց առջեւ՝ անոնց օգտակար դառնալու բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ: Վստահ ենք, որ անոնք ժամանակաւորապէս պիտի հաստատուին Լիբանան եւ անմիջապէս, երբ կացութիւնը հանդարտի Սուրիոյ մէջ, պիտի վերադառնան իրենց տուներուն ու գործերուն՝ մասնակից դառնալու համար Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի ու վերակազմակերպումի աշխատանքներուն»: Իր խօսքի աւարտին, վեհափառը կոչ ուղղեց Լիբանանի թեմի առաջնորդին, Ազգ. իշխանութեան ու բոլոր կազմակերպութիւններուն՝ առաւելագոյն չափով օգտակար հանդիսանալու Սուրիոյ մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

comments