By Asbarez | Thursday, 27 September 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան յայտնած է, որ Ստեփանակերտի օդակայանի աշխատանքները խոչընդոտելը կամ քաղաքացիական օդանաւերը հարուածելը անփափաքելի հետեւանքներ կրնան ունենալ։
«Եթէ Ատրպէյճանը փորձ անի ինչ-որ ձեւով խանգարել Ստեփանակերտի օդանաւակայանի աշխատանքներին, թռիչքներին կամ փորձի խփել մեր քաղաքացիական ինքնաթիռը, ապա սա պատերազմ կը նշանակի», յայտնած է ան՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճանի սպառնալիքները այդ երկրին վարած ֆաշիստական քաղաքականութեան մաս կը կազմեն: «Միջազգային հանրութեան համար նման մօտեցումն անընդունելի է: Սա քաղաքացիական բնոյթի օպյեքթ է եւ գործելու է միջազգային իրաւունքի եւ նորմերի լրիւ համապատասխանութեամբ, քանի որ մարդիկ ազատ շրջագայելու իրաւունք ունեն», յայտնած է Բաբայեան:
Անոր համաձայն, օդակայանը արդէն համալրուած է արդիական ամբողջական սարքերով։ «Նոյնիսկ ոչ թռիչքային եղանակային պայմաններում մենք կարող ենք այնպէս անել, որ օդանաւը վայրէջք կատարի Հայաստանի ցանկացած օդանաւակայանում», աւելցուցած է Բաբայեան:
Հայաստանի կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական օդանաւորդութեան գլխաւոր վարչութեան մամուլի քարտուղար Նելլի Չերչինեան դիտել տուած է, որ Ստեփանակերտի օդակայանը յառաջիկային պիտի սկսի օգտագործուելու։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ