By Asbarez | Tuesday, 02 October 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ», «Թերթ», «Երկիր».- Հայաստանի Ազգային ժողովը իր 2 Հոկտեմբերի նիստին ընթացքին համաձայնութիւն տուած է հանրապետութեան գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանի միջնորդութեան՝ արտաքին գործոց նախկին նախարար, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ, պատգամաւոր Վարդան Օսկանեանը դրամալուացման դատին մէջ իբրեւ մեղադրեալ ներգրաւելու: Այսպիսով Վարդան Օսկանեան զրկուեցաւ պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն։ Այս գծով եղած քուէարկութեան մասնակցած են 71 պատգամաւորներ. թեր քուէարկած են 64ը, դէմ՝ 6ը: Մէկ քուէաթերթիկ անվաւեր նկատուած է:
Յիշեցնենք, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ժառանգութեան եւ Հայ Ազգային Կոնգրես խմբակցութիւնները ընդհանրապէս հրաժարած էին քուէարկութեան մասնակցելէ: Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութիւնը, որուն անդամ է Վարդան Օսկանեան, ցուցադրաբար լքած է դահլիճը՝ մինչ այդ պահանջելով գլխաւոր դատախազին հրաժարականը: Վարդան Օսկանեան, որ սկզբունքով պէտք է ամփոփիչ ելոյթ ունենար՝ լքելով դահլիճը, ինքնըստինքեան հրաժարած է խօսք առնելէ։
Աղուան Յովսէփեանի միջնորդագիրի փակ գաղտնի քուէարկութիւնը տեւած է 30 վայրկեան: Քուէարկութեան մասնակցած են միայն Հանրապետական խմբակցութեան եւ «Օրինաց երկիր»ի պատգամաւորները:
Ժառանգութեան համամասնական ցուցակի Ազատ դեմոկրատներ կուսակցութիւնը ներկայացնող Ալեսքանդր Արզումանեանը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն Տիգրան Ուրիխանեանը, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութենէն Սուքիաս Աւետիսեանը եւ Դաշնակցութենէն Արծուիկ Մինասեանը կը վերահսկէին փակ, գաղտնի քուէարկութեան:
Նախքան քուէարկութեան սկսիլը՝ իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Աղուան Յովսէփեան վստահեցուցած է, որ միջնորդութիւնը քաղաքական երանգաւորում չունի, անիկա կը նպատակադրէ ազատ եւ անկողմնակալ քննութեան կատարելու հանգամանքին. ան նաեւ դիտել տուած է, որ Վ. Օսկանեանի նկատմամբ խափանման ոչ մէկ միջոց պիտի կիրարկուի: Սակայն ան իր ելոյթը չէր աւարտած, երբ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը յայտարարեց, թէ արդէն քուէարկութեան ժամը հասած է։
Նշենք, որ միջնորդագիրին մէջ մասնաւորապէս նշուած է, որ Հայաստանի կառավարութեան առընթեր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան կողմէ 25 Մայիս 2012ին յարուցուած քրէական գործի նախաքննութեամբ բաւարար ապացոյցներ ձեռք բերուած են՝ փաստելու, որ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի հիմնադիր եւ հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Վարդան Օսկանեանը իւրացուցած է բարեգործական նպատակներով՝ հիմնադրամին տրամադրելու համար իրեն վստահուած առանձնապէս մեծ չափերու դրամական միջոցներ, այնուհետեւ տարաբնոյթ գործողութիւններ եւ ծանր յանցագործութիւններ կատարած է՝ յանցաւոր ճանապարհով ձեռք բերուած այդ միջոցները օրինականացնելու ուղղութեամբ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ