By Նիուզ | Monday, 25 October 2010

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Հոկտեմբեր 20ին Հայաստանի խորհրդարանին մէջ յայտարարած է, թէ ինք նպատակայարմար չի գտներ Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչումը, այնքան ատեն, որ տակաւին բանակցութիւններ կը տարուին ներկայիս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ձեւաչափին մէջ, եւ հեռանկարներ կան հակամարտութիւնը այդ տարբերակով լուծելու:
Նախարարը նաեւ նշած է, որ Հայաստանը չի բացառեր այլ տարբերակներու քննարկումը, եթէ ներկայի ձեւաչափով՝ հակամարտութեան կարգաւորման ուղիները իրենց համար սպառին:
Էդուարդ Նալբանդեան դարձեալ կրկնած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը կ՛իրականացուի միջազգային երեք կարեւոր սկզբունքներու հիման վրայ՝ ազգերու ինքնորոշում, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառում: Բացի ատկէ, նախարարին խօսքով, բանակցութիւններուն համար հիմք կը ծառայեն նաեւ վեց տարրեր:
Նալբանդեան նշած է, որ բոլոր 3 սկզբունքները եւ 6 տարրերը կը կազմեն 2007ի մատրիտեան սկզբունքներուն հիմքը: Այնուհետեւ, այս տարի Ս. Փեթերզպուրկի մէջ կողմերուն ներկայացուած է Մատրիտեան սկզբունքներու վերջին տարբերակը: Նախարարին խօսքով, հայկական կողմը երկու փաստաթուղթերն ալ ընդունած է իբրեւ բանակցութիւններու հիմք: Նալբանդեանի համոզումով, Ատրպէյճանը յայտարարած է, թէ բանակցութիւններուն իբրեւ հիմք, ան կ՛ընդունի սկզբունքներու միայն մէկ տարբերակ՝ որոշ վերապահումներով:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու դիրքորոշման մէջ դրական փոփոխութիւն կը նկատուի։ «Եթէ առաջ աւելի շատ խօսւում էր տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի, իսկ յետոյ՝ տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերի ինքնորոշման մասին, ընդ որում նշւում էր, որ աւելի կարեւոր է տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը, ապա այժմ շեշտւում է, որ երկու սկզբունքներն էլ հաւասար են», յայտարարած է ան՝ յիշեցնելով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն յայտարարութիւնը այն մասին, որ միջազգային իրաւունքի բոլոր երեք սկզբունքները՝ տարածքային ամբողջականութիւն, ազգերու ինքնորոշման իրաւունք եւ ուժի չկիրառում, անբաժանելի են:
Նալբանդեանի խօսքով, համանախագահներու այդ յայտարարութիւնը հասցէագրուած էր ուղղակի Պաքուին: «Չկայ մի հակամարտութիւն, որի շուրջ բոլոր համանախագահների դիրքորոշումները համընկնեն: Այդ առումով, ղարաբաղեան հակամարտութիւնը միակն է», նկատել տուած է նախարարը:
Ըստ Հայաստանի ԱԳ նախարարին, հայ-թրքական արձանագրութիւններուն ճակատագիրը կախեալ է սպասուելիք քաղաքական գործընթացներէն։ Անոր խօսքով, Հայաստանի դիրքորոշումը՝ այս հարցին առնչութեամբ՝ չէ փոխուած. Երեւանը պատրաստ է կրկին գործընթացի սկսելու, երբ Անգարան հաշտեցման պատրաստակամութիւն յայտնէ: ԱԳ նախարարը նշած է, որ ներկայիս Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ այս առումով բանակցութիւններ չեն ընթանար: Ան նաեւ ընդգծած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը չի կրնար կասկածի տակ դրուիլ: «Հայաստանն ամէն ինչ արեց հայ-թուրքական գործընթացի առաջխաղացման համար: Երեւանը պատրաստակամութիւն ցուցաբերեց վաւերացնել արձանագրութիւնները», նշած է Նալբանդեան՝ աւելցնելով, որ այժմ Թուրքիոյ հերթն է, եւ թէ Երեւանի մէջ այս մասին արդէն իսկ յայտարարած էր նաեւ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, երբ ըսած էր՝ «Գնդակը այժմ թրքական կիսադաշտին մէջն է»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ