Ալիեւ Դարձեալ Կը Սպառնայ

By Էյ.Փի.Էյ. | Monday, 25 October 2010

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20ին հերթական անգամ հանդէս եկած է ռազմաշունչ յայտարարութիւններով ու սպառնալիքներով: Ատրպէյճանի կառավարութեան ընդլայնուած նիստին, Ալիեւ կրկին սպառնացած է ղարաբաղեան հակամարտութիւնը լուծել ռազմական ճանապարհով:

Ըստ Ատրպէյճանի պետական պատկերասփիւռի «Խապարլար» տեղեկատուական հաղորդումին, Իլհամ Ալիեւ իր ելոյթին մէջ ընդգծած է, թէ իր երկրին ռազմական ծախսերը 2011ին պիտի կազմեն 2.5 միլիառ մանաթ (շուրջ 3.1 միլիառ տոլար):

«Մեր երկիրը երբեք չի հաշտուիր իր տարածքներու բռնագրաւման հետ: Ղարաբաղը բուն ատրպեճանական հող է: Շնորհիւ մեր ռազմական ներուժին, մենք կը լուծենք ղարաբաղեան հարցը», ըսած է ան:

Ալիեւ նաեւ յոյս յայտնած է, որ ԵԱՀԿի վերջին առաքելութեան մասին զեկոյցը «հաւասարակշիռ կ՛ըլլայ»: Նաեւ, խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշէմին, մենատէր բռնապետին աչքին դարձեալ երեւցած են հայ «շովինիստներ եւ ֆաշիստներ»։

comments