By Նիուզ | Monday, 25 October 2010
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արմէն Ռուստամեան Հոկտեմբեր 20ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան հեղինակած Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման մասին օրինագիծին կողմ չքուէարկելու ցանկութիւնը Հայաստանի խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կը պատճառաբանէ այն փաստով, որ անիկա կրնայ վնասել ԵԱՀԿի Միսնկի խումբի ծիրէն ներս ընթացող բանակցութիւններուն, բայց այդ փաստաթուղթին մերժումը խորհրդարանական քուէարկութիւններուն ընթացքին կրկնակի վնաս կը հասցնէ գործընթացին:
«Այդ փաստաթղթի մերժումը խորհրդարանի կողմից անուղղելի վնաս կը հասցնի նաեւ Ղարաբաղի միջազգային ճանաչմանը: Ողջ աշխարհը չի զննելու, թէ ինչո՞ւ եւ ի՞նչ պատճառներով Հայաստանի խորհրդարանական մեծամասնութիւնը մերժեց փաստաթուղթը. աշխարհը միայն կ՛արձանագրի, որ Հայաստանի Ազգային ժողովը հանդէս է եկել Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան դէմ», յայտարարած է Ռուստամեան, որ իր տարակուսանքը յայտնած է ե՛ւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան յամառութեան առնչութեամբ, որ վերջինս քուէարկութեան դրած է սոյն փաստաթուղթը, ե՛ւ խորհրդարանական մեծամասնութեան գծով, որ չ՛ուզեր որեւէ համաձայնութեան յանգիլ նշեալ հարցին շուրջ:
«Վերջիվերջոյ կարելի էր ընդունել ՀՅԴի առաջարկը՝ փաստաթուղթը մեծ օրակարգում ընդգրկելու մասին՝ բոլոր քաղաքական ուժերի ստորագրութեամբ: Միթէ խորհրդարանական մեծամասնութիւնն ու «Ժառանգութիւն»ը չե՞ն հասկանում, որ քուէարկութեան ժամանակ փաստաթղթի ձախողումը կը դնի հայկական կողմին շատ անյարմար դրութեան մէջ», ըսած է Ռուստամեան՝ ընդգծելով, որ ՀՅԴ փորձած է «միջնորդ» հանդիսանալ խորհրդարանական մեծամասնութեան եւ «Ժառանգութիւն»ին միջեւ, սակայն չէ յաջողած փոխադարձ զիջումներու հասնիլ:
Նշենք, որ «Ժառանգութիւն»ը յայտարարած էր, թէ մտադիր է օրէնքին նախագիծը քուէարկութեան դնել խորհրդարանին մէջ յառաջիկայ օրերուն: ՀՅԴն, իր կարգին, յայտարարած է, թէ այդ պարագային՝ «կողմ» պիտի քուէարկէ նախագիծին:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ