Լրագրողներու Համահայկական 6րդ Համաժողովի Երկրորդ Օրուան Աշխատանքները

By Asbarez | Friday, 05 October 2012

Զաւէն Թորիկեան կը ներկայացնէ իր նիւթը

ԵՐԵՒԱՆ.- Լրագրողներու համահայկական 6րդ համաժողովը 5 Հոկտեմբերին շարունակեց իր աշխատանքները։ Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու հայ լրագրութիւնը ընդհանուր ուղղուածութիւն ունեցող զեկուցումներով կայացաւ համաժողովին երկրորդ նիստը։

Մերձաւոր Արեւելքի լրատուամիջոցներուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան լուսաբանման արդի հարցերուն եւ այդ բնագաւառին մէջ տիրող իրավիճակին մասին խօսեցաւ Համբիկ Մարտիրոսեան (Լիբանան), իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առնչութեամբ հայկական մամուլին ունենալիք դերակատարութեան եւ առաջադրանքներուն մասին ընդհանուր ակնարկով անդրադարձաւ Վարուժան Սիրապեան (Ֆրանսա)։ ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան խօսեցաւ հայկական համազգային հարցերու եւ Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ լրատուամիջոցներուն ունեցած  դերակատարութեան մասին (լուրը տեսնել Ա. էջի վրայ):

Ապա խօսք առաւ Հայաստանի լրագրողներու միութեան փոխնախագահ Գրիգոր æանիկեան, որ խօսեցաւ Արցախի ու æաւախքի առնչութեամբ արտերկրի լրատուամիջոցներուն անդրադարձին եւ ընդհանրապէս հայկական հարցերու գծով տեղի ունեցող լրատուութեան։ Յօդուածագիր Կիրակոս Գույումճեան (Քուէյթ) խօսեցաւ արաբական եւ իսլամական լրատուամիջոցներուն կողմէ հայկական հարցին նկատմամբ գործադրուող քաղաքականութեան մասին։ Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան ամպիոնի նախագահ Նաղաշ Մարտիրոսեան ներկայացուց լրագրողներու վերապատրաստութեան դպրոցի աշխատանքները եւ անոնց մէջ նկատի առնուած Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող նիւթերը։

Յակոբ Վարդիվառեան (Միացեալ Նահանգներ) անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան մասնագէտներ պատրաստելու իմաստով մեր դիմաց ցցուած մարտահրաւէրներուն՝ դիտել տալով, որ նման պատրաստուած մարդուժի առկայութիւնը մեծ անհրաժեշտութիւն է։ Հայաստանի տեղեկատուական անվտանգութեան ու Ատրպէյճանի նկատմամբ իրականացուող հակաքարոզչութեան մասին խօսեցաւ Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնէն Անժելա Էլիզպարովա, որմէ ետք համացանցի աշխարհին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն, հայկական եւ հակահայ կայքէջերուն մասին հանգամանալից կերպով խօսեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի հայագիտութեան հետազօտութեան կեդրոնի պատասխանատուներէն Մհեր Յովհաննիսեան:

Թրքական մամուլի ապատեղեկատուութեան, անկէ հայկական մամուլի կրած ազդեցութեան եւ այդ երեւոյթին դէմ դնելու կարեւորութեան մասին խօսեցաւ «Երկիր Մեդիա» պատկերասփիւռի կայանի լրատուական ծրագիրներու տնօրէն Գեղամ Մանուկեան։ Ան կոչ ուղղեց ուշադիր ըլլալու, ստացուած լուրերը միշտ զտելու, ստուգելու, ապա հրապարակելու, այլապէս՝ թրքական գաղափարներու վերարտադրողը պիտի ըլլայ հայկական մամուլը։

Արթուր Խանումեան (Ռուսիա) լուսարձակի տակ առաւ լրատուամիջոցներու կողմէ լեզուի անարատ օգտագործման կարեւորութիւնը։ Ապա յաջորդաբար խօսք առին Ռուբիկ Ղահրաման-Մինասեան (Իրան), Պայծիկ Գալայճեան (Լիբանան), Արփեն Մովսիսեան (ՀՀ լրագրող), Գէորգի Յակոբեան («Հայաստանի զրուցակից» թերթի թղթակից), որոնք անդրադարձան հայ մամուլի դերակատարութեան, յատկապէս՝ երիտասարդները դաստիարակելու եւ կազմաւորելու իմաստով, ինչպէս նաեւ մշակութային ցեղասպանութեան, հայկական հարցերու արձագանգներուն ու Հայաստանի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման նկատմամբ ի գործ դրուած քաղաքականութեան:

Վահագն Գարագաշեան (Գանատա) անդրադարձաւ լոպիիստական աշխատանքներուն մէջ հայութեան արձանագրած յաջողութիւններուն ու ձախողութիւններուն՝ շեշտելով անոնց կարեւորութիւնը։

Վահագն Գարագաշեան ներկայացման պահուն

Ապա խօսք առին Րաֆֆի Քանդեան (Գերմանիա)՝ «Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակի հանդիսութիւնները Գերմանիոյ մէջ. ներկայ կացութիւն եւ հեռանկարներ» նիւթով, Սոնա Նիւրփէթլեան (Իտալիա)՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան արծարծումը՝ իբրեւ հայապահպանման պարտականութիւն» նիւթով, եւ Էդիկ Պաղտասարեան (Իրան)՝ «Եղեռնն ու իրանահայութիւնը» նիւթով:

Զաւէն Թորիկեան (Միացեալ Նահանգներ) իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ հայրենահանման սրբագրութեան եւ բռնագրաւուած հայրենիքը իրաւատէր ժողովուրդին վերադարձնելու մասին։ Ան հաստատեց, որ լիիրաւ ազգ ըլլալու եւ իրաւունքը վերականգնելու համար, ազգէն խլուած ՀՈՂՆ է քաղաքականութեան եւ քաղաքական մտածողութեան առանցքը:

Իրանէն Արա Աշճեան լուսարձակի տակ առաւ տեղական մամուլին ու արաբական ելեկտրոնային կայքերուն վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթի արծարծման, իսկ Արթուր Ղուկասեան՝ Սպանիայէն, խօսեցաւ Սպանիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի ձախողութեան պատճառներուն եւ անկէ քաղուած դասերուն մասին։ Աստղիկ Աւետիսեան ներկայացուց «Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Սփիւռքի պատկերասփիւռի կայանն ու ձայնասփիւռը» նիւթը:

Վերա Սիսեռեան (Լիբանան) անդ-րադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ունեցած հոգեբանական ազդեցութեան եւ հայութեան երկու հիմնական հատուածները՝ Հայաստանն ու Սփիւռքը, իրարմէ բաժնող հանգամանքներուն։ Կարինէ Քոչարեան (Միացեալ Նահանգներ) խօսեցաւ սփիւռքահայութեան ազգային, կրթական եւ մշակութային կեանքին եւ անոնց լուսաբանման կարեւորութեան մասին, իսկ Արմինէ Առաքելեանի (Իրան) նիւթն էր՝ «Սփիւռքի մէջ հրատարակուող օտարալեզու մամուլի դերը Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատի իրականութեան ճանաչման աշխատանքներուն մէջ»:

Երեկոյեան, համաժողովի մասնակիցներուն այցելեց Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, որ ողջունեց լրագրողները՝ դիտել տալով, որ ներկայ դարաշրջանին, երբ տեղեկատուական դաշտին վրայ պայքարը հետզհետէ կը սրի, ուրախութիւն է տեսնել, որ համազգային նիւթերու շուրջ լրագրողներ միացեալ ուժերով լծուած են՝ հայութեան խօսքն ու ճշմարտութիւնը հասցնելու բոլորին։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement