By Նիուզ | Monday, 25 October 2010
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Հոկտեմբեր 21ին ընդունած է ԵԽ ընդհանուր քարտուղար Թորբիորն Եակլանտը եւ Հայաստանի մէջ իրականացող «Յանուն ժողովրդավարութեան ապագայի» համաժողովի մասնակիցներուն պատուիրակութիւնը:
Գնահատելով ԵԽի դերը մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդման գործին մէջ՝ նախագահ Սարգսեան ընդգծած է Հայաստանի նուիրուածութիւնը համաեւրոպական արժէքներուն կապակցութեամբ:
«Մարդու եւ քաղաքացիների հիմնարար ազատութիւնների, ժողովրդավարական արժէքների պաշտպանութիւնը Հայաստանի հանրապետութեան, մեր պետականութեան հիմնաքարերից են: Հայաստանի անկախացումից յետոյ, այդ ուղղութեամբ մենք զգալի ճանապարհ ենք անցել: Այնուհանդերձ, յստակօրէն գիտակցում ենք, որ դեռեւս շատ աշխատանք ունենք կատարելու եւ մենք հաստատակամօրէն տրամադրուած ենք այդ ճանապարհն անցնելու մինչեւ վերջ, թէեւ ասում են, որ այդ ճանապարհը վերջ չունի», նշած է Սերժ Սարգսեան:
Երեւանի մէջ իրականացած երկօրեայ համաժողովը ե՛ւ ԵԽի, ե՛ւ Հայաստանի համար նշանակալից իրադարձութիւն համարելով՝ ԵԽ գլխաւոր քարտուղար Եակլանտ յայտնած է, թէ շատ ուրախ է, որ Հայաստանը կը տեսնէ իբրեւ Եւրոպական խորհուրդի լաւ գործընկեր:
«Մենք, ի հարկէ, ուշի-ուշով կը հետեւինք Հայաստանի մէջ ընթացող զարգացումներուն: Ես համակարծիք եմ Ձեզի, պարոն նախագահ, որ Դուք արդէն անցած էք բաւական երկար ուղի: Եւրոպայի խորհուրդի հիմնական առաքելութիւնն է՝ օգնել պետութիւններուն յաղթահարել այդ ճանապարհը կամ, իմ բնորոշումով՝ մայրուղին: Ես նաեւ համակարծիք եմ, որ այդ մայրուղին վերջ չունի: Գիտենք, որ աշխարհի մէջ բազմաթիւ խոչընդոտներ կան ժողովրդավարութեան դիմաց, եւ որքա՛ն առաջ ընթանանք՝ նորերը կ՛աւելնան», ըսած է ԵԽ ընդհանուր քարտուղարը:
Ան գնահատած է նաեւ ԵԽի մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչի գործունէութիւնը՝ նշելով, որ ան կ՛աջակցի Եւրոպայի խորհուրդին մէջ ձեռնարկուող բարեփոխումներուն, որոնք կը միտին կազմակերպութիւնը աւելի նպատակային դարձնել եւ զայն ժողովրդավարութեան ապագայ մարտահրաւէրներուն աւելի լաւ կերպով նախապատրաստել:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ