By Asbarez | Friday, 05 October 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը 4 Հոկտեմբերին վճռած է «Հարսնաքար» ճաշարանային համալիրը պայթեցնելու փորձ կատարած Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան փոխգնդապետ Վարդան Սամուէլեանը դատապարտել 4 ամսուան բանտարկութեան։ Սամուէլեանը, ըստ դատավճիռին՝ պարտաւոր է վճարել նաեւ 200 հազար դրամ տուգանք:
Վարդան Սամուէլեանը կը մեղադրուի ապօրինի կերպով հրազէն, ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերելու, իւրացնելու, պահելու եւ փոխադրելու յանցանքով: Փոխգնդապետը կը մեղադրուի նաեւ ապօրինի կերպով գազային, սառը կամ նետողական զէնք կրելով։
«Հարսնաքար» ճաշարանային համալիրը պայթեցնելու իր սպառնալիքը, Վարդան Սամուէլեան մեկնաբանած է այն հանգամանքով, որ տուեալ ճաշարանին մէջ սպաննած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնական կայազօրի ռազմական հիւանդանոցի բաժանմունքի պետ, բժիշկ Վահէ Աւետեանը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ