By Նիուզ | Monday, 25 October 2010
ՊԱՔՈՒ, «Նիուզ».- Ըստ ատրպեճանական «Թրենտ» գործակալութեան՝ Հոկտեմբեր 22ին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, թէ Ասթանայի մէջ կայանալիք ԵԱՀԿ գագաթաժողովին ընթացքին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ոչ մէկ համաձայնութիւն պիտի կնքուի: Անոր համաձայն, Դեկտեմբեր 1-2ին կայանալիք ժողովին ընթացքին պիտի քննուի բանակցութիւններու ձեւաչափի որոշման հարցը:
Ըստ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարին՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները մօտիկ ապագային պիտի այցելեն տարածաշրջան եւ կողմերուն պիտի ներկայացնեն գնահատման առաքելութեան աշխատանքներուն վերաբերեալ զեկոյցը:
«2005 թուականին տեղի ունեցած առաջին առաքելութեան հետ համեմատած՝ այս անգամ միջնորդներն ու առաքելութեան անդամները այցելեցին եօթ գրաւուած շրջանները: Մենք կը սպասենք առաքելութեան զեկոյցին, որպէսզի ներկայացնենք անոնց աշխատանքին վերաբերեալ մեր եզրահանգումները», ըսած է ան։
Անդրադառնալով Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած օրինագիծին՝ Մամետեարով ընդգծած է, որ Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչումը Երեւանի կողմէ մեծ սխալ պիտի ըլլայ: «Եթէ Հայաստանը սկսի Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչնալու գործընթացը, ատիկա միջազգային իրաւունքի տեսակէտէն մեծ սխալ կ՛ըլլայ: ԼՂՀ ճանաչումը կը նշանակէ, որ Երեւանը կը ճանչնայ նաեւ Ատրպէյճանի տարածքներուն գրաւման փաստը», ըսած է Մամետեարով:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ