By Asbarez | Friday, 05 October 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները մտահոգիչ են. մի պահ պատկերացրէք, որ 2014ին, յանկարծ Թուրքիան որոշում է վաւերացնել դրանք, եւ Հայաստանի իշխանութիւնները նոյն իշխանութիւններն են, ինչ այսօր, եւ ի պատասխան՝ իրենք էլ են վաւերացնում դրանք. ի՞նչ կը լինի», Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 5ին հարց տուաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան՝ Լրագրողներու 6րդ համահայկական համաժողովին ընթացքին:
Ան հաստատեց, որ այդ արձանագրութիւնները պէտք է ընդմիշտ սպաննել: Մինչ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակ կատարելիք աշխատանքներուն առնչութեամբ՝ Կիրօ Մանոյեան դիտել տուաւ, որ զանգուածային լրատուամիջոցները, յատկապէս կայքէջերը, պէտք է լուրջ ու հետեւողական աշխատանք տանին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող փաստացի տուեալներ եւ նիւթեր վերահրատարակելու իմաստով։
«Յստակ է, որ տարբեր լրատուամիջոցներում կայ խմբագրական քաղաքականութիւն, որոնք, ընդհանուր առմամբ, վերջին տարիներին սկսել են չժխտել Ցեղասպանութեան հարցը, սակայն սա որոշ դէպքերում արհեստական բնոյթ է կրում: Չնայած անցած 20 տարիների ընթացքում որոշ դրական քայլեր կան, որ կարեւոր լրատուամիջոցներն իրենց քաղաքականութիւնը փոխել են», նշեց Մանոյեան եւ աւելցուց, որ Ատրպէյճանի կողմէ ի գործ դրուած լոպիիստական աշխատանքը կը փորձէ յաճախ հարցականի տակ առնել Ցեղասպանութեան առնչուող իւրաքանչիւր ակնարկ:
«Միւս կողմից՝ ատրպէյճանցիները սկսել են բարձրացնել Խոճալուի «ցեղասպանութեան» հարցը՝ փորձելով հաւասարակշռութիւն մտցնել», աւելցուց ան:
Ըստ Մանոյեանի՝ լրագրողներու եւ խմբագիրներու հետ մնայուն աշխատանք պէտք է տանիլ եւ ծանօթացնել Ցեղասպանութեան բոլոր շերտերն ու մանրամասնութիւնները, այլապէս՝ հարցը պիտի շարունակուի ներկայացուիլ իբրեւ հայերու եւ թուրքերու միջեւ վէճի առկայ խնդիր: Այս առումով, Մանոյեան լուրջ մարտահրաւէր նկատեց Միացեալ Նահանգներու կեցուածքը, որ Ցեղասպանութիւն եզրը չգործածելով՝ կը մղէ տարբեր լրատուամիջոցներ նոյն կեցուածքը որդեգրելու։ «Ցեղասպանութեան խնդիրը ոչ թէ պատմական հարց է, այլ այսօր տակաւին իր հետեւանքներն ունեցող խնդիր է: Թուրքիայի կողմից Ցեղասպանութեան ընդունումը նախ կը նպաստի նրան, որպէսզի ցեղասպանութիւնները նուազեն, եւ յետոյ՝ Հայաստանը եւ հայութիւնն ապահով ապրեն», իր խօսքը եզրափակեց Կիրօ Մանոյեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ