Օսկանեան Պատրաստ Է Նախագահական Թեկնածութեան Պատասխանատուութիւնը Վերցնելու

By Asbarez | Tuesday, 09 October 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ Վարդան Օսկանեան, 8 Հոկտեմբերին «Սիվիլնեթ»ի տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի կառավարութեան առընթեր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ իրեն ուղղուած մեղադրանքին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն։

Պատասխանելով թղթակիցի այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ ան ցուցմունք չէր տուած իրեն դէմ ներկայացուած մեղադրանքին ընթացքին՝ Օսկանեան նշած է. «Նախ ասեմ, որ ես ընդամէնը մէկ կարեւոր հարցի եմ պատասխանել այն մասին, թէ արդեօք ես ընդունո՞ւմ եմ իմ մեղքը՝ թէկուզ մասնակի: Իմ պատասխանը եղել է, որ բացարձակապէս չեմ ընդունում: Հետեւապէս, ես օգտուել եմ իմ սահմանադրական իրաւունքից եւ ցուցմունք չեմ տուել»:

Թղթակիցը նշած էր, որ բայց եւ այնպէս, իշխող կուսակցութիւնը յայտնած էր, թէ Օսկանեան, եթէ կրնայ, պէտք է ապացուցէ իր անմեղութիւնը։ Այս գծով արտաքին գործոց նախկին նախարարը նշած է. «Այդ հիմնաւորումն ամենամեծ անհեթեթութիւնն էր եւ լաւագոյն ապացոյցը այն բանին, որ այս գործը քաղաքական պատուէր է: Ես վստահ եմ, որ մեր օրէնսդիրները լաւ գիտեն, որ մեղքը պէտք է ապացուցի մեղադրողը եւ ոչ թէ մեղադրեալը: Երկրորդ, մեր քրէական օրէնսդրութեան հիմքում դրուած է անմեղութեան կանխավարկածը, որը եւ ենթադրում է, որ օրէնսդիրները մեղադրանքի կապակցութեամբ դատախազից պէտք է պահանջէին իրենց մտքում որեւէ կասկած չթողնող ապացոյցներ եւ նոր միայն համաձայնէին ինձ անձեռնմխելիութիւնից զրկել: Դա տեղի չունեցաւ, որովհետեւ ակնյայտօրէն իջեցուել էր քաղաքական պատուէր»:

Լրագրողին յաջորդ հարցումը եղած է այն, որ այս քաղաքական պատուէրին ետին արդեօք Հայաստանի նախագահական ընտրութիւննե՞րը կան, մանաւանդ որ քաղաքական դաշտ Օսկանեանի վերադարձէն ետք, մնայուն կերպով կը խօսուի այն մասին, թէ ինք կրնայ նախագահական թեկնածու ըլլալ։ «Վերջ ի վերջոյ, կուսակցութիւնը ձեր թեկնածութիւնը առաջ քաշելու է՞, թէ ո»չ, հարցուցած է «Սիվիլնեթ»ի լրագրողը։

Վարդան Օսկանեան պատասխանած է. «Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը սեփական թեկնածուով մասնակցելու վերաբերեալ կարող եմ ասել հետեւեալը. նախ, կուսակցութիւնն այս հարցի վերաբերեալ դեռ պաշտօնական որոշում չի ընդունել: Այնպէս որ, այն, ինչ ասելու եմ՝ իմ անձնական կարծիքն է: Հաշուի առնելով, որ ԲՀԿն այսօր Հայաստանում ծանրակշիռ եւ մեծ հեղինակութիւն ունեցող կուսակցութիւն է, եւ ժողովուրդը նրանից մեծ ակնկալիքներ ունի, ես կարծում եմ, որ նա միանշանակօրէն նախագահական ընտրութիւններին պէ՛տք է մասնակցի սեփական թեկնածուով: Բնական է, որ առաջին հերթին այդ թեկնածուն պէտք է լինի կուսակցութեան առաջնորդը՝ Գագիկ Ծառուկեանը: Սակայն, եթէ պարոն Ծառուկեանը չուզենայ իր թեկնածութիւնը դնել, եւ կուսակցութիւնը կանգնի իմ թեկնածութեան վրայ, ես պատրաստ եմ ինձ վրայ վերցնել այդ պատասխանատուութիւնը»:

Հակազդելով լրագրողին այն կարծիքին, որ հաւանաբար այսպիսով ճնշումները պիտի սաստկանան իր, Գ. Ծառուկեանի եւ ԲՀԿի վրայ՝ Օսկանեան նշած է. «Հարցին պէտք է նայել երկրի շահերի տեսանկիւնից: «Բարգաւաճ Հայաստան»ի մասնակցութիւնից միմիայն կը շահի Հայաստանը, մեր ժողովրդավարութիւնը, ժողովուրդն իսկական այլընտրանք կ՛ունենայ, եւ միջազգային հանրութիւնը մեզ կը վերաբերուի որպէս ժողովրդավարութեան իսկական ճանապարհ բռնած երկրի»:

comments