Հայաստանաբնակ Սուրիահայերու Յատուկ Հաւաքավայր

By Asbarez | Tuesday, 09 October 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած սուրիահայերը յետայսու պիտի ունենան իրենց հանդիպման վայրը։ Հալէպի Արամ Մանուկեան կեդրոնի սպիտակ սրահի նմանութեամբ, Հայաստանի ՀՅԴ Արամ Մանուկեան կեդրոնին մէջ պիտի յատկացուի սրահ մը, ուր սուրիահայերը պիտի կարենան հաւաքներ կազմակերպել, միասին ճաշել, պատկերասփիւռ դիտել եւ տարբեր տեսակի խաղեր խաղալ:

Կեդրոնի ստեղծման աշխատանքները տեւած են երկու ամիս: Սրահը զարդարուած է Սուրիոյ տարբեր քաղաքներու լուսանկարներով: Հոն պիտի մատուցուին նաեւ սուրիական ճաշատեսակներ:

«Սուրիահայութեան համախումբ» սրահի ստեղծման նախաձեռնութեան ետին կանգնած են Դաշնակցութիւնն եւ սուրիահայ Վարդանեան եղբայրները։

Նման կեդրոն ստեղծելու նպատակն այն է, որ սուրիահայերը կարենան իրարու հանդիպիլ ու զիրենք յուզող հարցերը քննարկել: Սրահը բաց պիտի ըլլայ ամէն օր՝ առաւօտեան 11։00էն մինչեւ գիշերը 11 (Երեւանի ժամանակացոյցով):

comments