Աւարտեցաւ Լրագրողներու Համահայկական 6րդ Համաժողովը

By Asbarez | Tuesday, 09 October 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Շաբաթ, Հոկտեմբեր 6ին եզրափակուեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրը կրող Լրագրողներու համահայկական 6րդ համաժողովը: Համաժողովի մասնակիցները Աղաւնաձորի մէջ եզրափակեցին ժողովը եւ հրապարակեցին յայտարարութիւն մը (տե՛ս «Օրը Օրին» սիւնակը): Ապա անոնք առիթը ունեցան այցելելու Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարման կարեւորագոյն կառոյցները եւ ծանօթանալու Հայաստանի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու գործունէութեան:

Լրագրողներուն կ՛ընկերակցէր սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, որ երեք տարբեր կառոյցներ տրուած այցելութեան ընթացքին արտասանած ողջոյնի եւ շնորհակալական իր խօսքին մէջ, ամփոփ ձեւով անդրադարձաւ լրագրողներու համաժողովի գործունէութեան:

Արդարեւ, աշխարհի չորս ծագերէն Հայաստան համախմբուած լրագրողները այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւն եւ հանդիպում ունեցան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ: Ողջունելով զանոնք՝ նախարարը բարձր գնահատեց սփիւռքահայ լրագրողներու աւանդը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայկական տարբեր հարցերու հետապնդման իմաստով: «Կը կարծեմ, որ այս համաժողովը մեծ կարեւորութիւն ունի:

Ցեղասպանութեան ճանաչումը մեր ժողովուրդին եւ հանրապետութեան ղեկավարութեան առաջնահերթ հարցերէն է: Անիկա ո՛չ միայն անհրաժեշտ է լոկ մեր ժողովուրդին, այլ նաեւ համայն հանրութեան՝ այսօր եւ հետագային նմանաբնոյթ ոճրագործութիւններէ խուսափելու համար», նշեց Ս. Օհանեան:

Խօսելով Հայաստանի զինեալ ուժերու մարտունակութեան մասին՝ Սէյրան Օհանեան հաստատեց, որ աշխատանք կը տարուի ունենալու պատրաստ ու չափազանց մրցունակ բանակ, որ կարողութիւն ունի իրեն դիմաց դրուած բոլոր մարտահրաւէրները շրջանցելու եւ որեւէ կացութեան հակազդելու: Ան կոչ ուղղեց աշխարհասփիւռ լրագրողներուն՝ գործելու այնպէս մը, որ նպաստեն Հայաստանի պաշտպանութեան համակարգի ամրապնդման՝ դիտել տալով, թէ ներկայիս Հայաստանի դիմագրաւած դժուար վիճակին դէմ յանդիման կանգնելու եւ խոչընդոտները յաղթահարելու իմաստով մեծ է լրագրողներուն դերակատարութիւնը:

Հանդիպումը եզրափակուեցաւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեամբ:

Ապա լրագրողները այցելեցին Հայաստանի Ազգային ժողով, ուր զիրենք ընդունեց Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովը, որ կարեւոր նկատելով սփիւռքեան մամուլի դերը Սփիւռքի մէջ ապրողներուն աշխարհայեացքի ձեւաւորման ծիրին մէջ՝ դիտել տուաւ, թէ բազմաթիւ հերոսներ սփիւռքեան մամուլին շնորհիւ դաստիարակուած են իբրեւ հերոս: «Այսօր բազմաթիւ են մարտահրաւէրները, եւ մենք միասնական պէտք է ըլլանք՝ դիմակայելու զանոնք եւ հասնելու Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ժխտողականութեան դատապարտման», նշեց Է. Շարմազանով՝ դիտել տալով, որ Սփիւռքի լրատուամիջոցները՝ ազգային ոգիի, լեզուի ու մշակոյթի պահպանման, համահայկական խնդիրները նաեւ միջազգային հանրութեան պատշաճ կերպով ներկայացնելու իմաստով՝ մեծ ներդրում ունին: Ան ներկայացուց Ազգային ժողովի կառուցուածքն ու օրէնսդիր մարմինի գործունէութեան ուղղութիւնները:

Անկէ ետք լրագրողները ուղղուեցան արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցան նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ, որ նշեց, թէ սփիւռքահայ լրատուամիջոցները մեծ դեր ունին Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան աշխատանքներուն մէջ:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն՝ արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց արցախեան հիմնախնդիրի հանգուցալուծման հոլովոյթը, Հայաստանի շրջանային քաղաքականութիւնը, Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները, հայ-ամերիկեան բարեկամական գործընկերութիւնը, եւրոպական ընտանիքի մերձեցման քաղաքականութիւնը, արաբական, ասիական, լատինամերիկեան երկիրներու հետ յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով ձեռնարկուող քայլերը, միջազգային օրակարգի խնդիրներուն վերաբերեալ Հայաստանի մօտեցումները եւ Հայաստանի դերակատարութիւնը՝ տարբեր միջազգային կառոյցներու մէջ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement