By Asbarez | Tuesday, 09 October 2012
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան տրուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ատրպէյճան կ՛ուզէ նոր պատերազմ հրահրել Լեռնային Ղարաբաղի դէմ:
Ըստ անոր՝ Ատրպէյճան կը կուտակէ սպառազինութեան հսկայական պաշարներ եւ կը պատրաստուի նոր պատերազմի մը, մինչ Հայաստան կ՛ուզէ խաղաղ միջոցներով լուծել տագնապը եւ ջանք չի խնայեր այս առումով։
«Երբ ես կ՛ըսեմ, որ Ատրպէյճան հայատեաց եւ այլատեաց քաղաքականութիւն կը վարէ, երբ կը խօսիմ սպառազինութեան վտանգաւոր քանակին մասին, երբ կ՛ըսեմ, որ Պաքու կը ցանկայ տագնապը լուծել ռազմական ճամբով, ատիկա երբե՛ք չի նշանակեր, որ բանակցային հոլովոյթը պիտի չշարունակուի», նշած է նախագահ Սարգսեան:
Մեկնաբանելով ատրպէյճանցի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը ազատ արձակելու փաստը՝ Հայաստանի նախագահը յայտարարած է, որ այդ արարքը կը փաստէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղը՝ 160 հազար բնակչութեամբ, չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ: «Այդ քայլը դարձեալ հաստատեց, որ Լեռնային Ղարաբաղը ապագայ չունի Ատրպէյճանի կազմին մէջ», շեշտած է հանրապետութեան նախագահը:
«Մենք չենք կասկածիր, որ Ատրպէյճան կը ցանկայ փոխել իրադրութիւնը ռազմական ճամբով, եւ ատիկա կարելի է կանխել Հայաստանի զինեալ ուժերու մարտունակութեան միջոցով», ընդգծած է նախագահը:
Ան միջազգային հանրութեան կոչ ուղղեց՝ որոշակի քայլերու ձեռնարկելու՝ տագնապի լուծման ուղղութեամբ: Ըստ նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ Ատրպէյճան խախտած է սովորական սպառազինութիւններու մասին համաձայնագիրը, եւ հակառակ անոր, որ տեսուչները տեղեակ են այդ մասին, ո՛չ մէկ արձագանգ կայ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ համոզուա՞ծ է, որ պիտի տեսնէ ղարաբաղեան տագնապին լուծումը՝ Հայաստանի նախագահը շեշտած է, թէ՝ այո՛, համոզուած է: Ան երբե՛ք Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալու պատկերացում չունի։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ