«Օսկանեանի Հարցը Նախագահական Ընտրութիւններում Ոչինչ Չի Փոխի». Արծուիկ Մինասեան

By Asbarez | Wednesday, 10 October 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Երկիր Մեդիա».- Մամուլի ակումբներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը անդրադարձած է Օսկանեանի դէմ յարուցուած գործին:

Արծուիկ Մինասեանի համաձայն՝ Օսկանեանի գործը պէտք չէ դիտուի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն-Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն պատկերին ընդմէջէն, որովհետեւ անիկա յստակ անձի մը՝ Վարդան Օսկանեանի, դէմ ուղղուած է:

«Այն ոչ մի ազդեցութիւն չի ունենայ նախագահական ընտրութիւնների վրայ, պարզապէս՝ Հայաստանը հերթական անգամ ապտակներ կը ստանայ դրսից, եւ մենք ամօթով գլուխներս կը կախենք», նշած է պատգամաւորը եւ աւելցուցած, որ այս պարզ հարցը դարձած է մատի փաթթոց:

«Երբ մարդը մտածում է միջոցներն արդիւնաւէտ տնօրինելու մասին, ապա դա համարւում է յանցագործութիւն, որն աբսուրդ է: Օսկանեանի դէպքը պարզունակ մի օրինակ է, որ իւրաքանչիւրիս հետ էլ կարող է պատահել: Ցաւում եմ, որ կան նման երեւոյթներ, որոնք վնաս են հասցնում երկրի հեղինակութեանը», նշած է Մինասեան:

Պատգամաւորը վստահ է, որ եթէ դրամի լուացման հարց գոյութիւն ունենար, ապա քրէական գործ պէտք է յարուցուէր՝ Օսկանեանը պատգամաւոր դառնալէ առաջ: «Եթէ անգամ Օսկանեանին կանչեն դատարան եւ օրէնքով պարզեն նրա անմեղութիւնը, մէկ է, Օսկանեանի համբաւը չի վերականգնուի», եզրափակած է ան:

«Բնական է, որ վատ եմ ընդունում, երբ քննադատում են Հայաստանը, մեր դատական համակարգն, այն էլ՝ այսքա՛ն տարրական պարզ գործի հետ կապուած», նշած է ՀՅԴ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը: Ան աւելցուցած է, թէ Օսկանեանը կը պատժուի իշխանութեան հասցէին հիմնաւոր քննադատութիւն ուղղելուն համար:

comments