ՀՅԴն ՀՀ Ազգային Ժողովին Ներկայացուցած Է ՀՀ-ԼՂՀ Ռազմավարական Խումբ Ստեղծելու Մասին Օրինագիծը

By Նիուզ | Monday, 01 November 2010

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>>.- Հոկտեմբեր 29ին, Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ կայացած ճեպազրոյցին ընթացքին, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան յայտարարած է, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը խորհրդարանին ներկայացուցած է նոր յայտարարութիւն-օրինագիծ մը, որով կ՛առաջարկէ ստեղծել Հայաստան-Լեռնային Ղարաբաղ ռազմավարական խումբ մը:

Յովհաննիսեան նշած է, որ տարբեր նկատառումներէ մղուած՝ խորհրդարանի ղեկավարութիւնը չ՛ուզեր ընթացք տալ սոյն օրինագիծին:

ՀՅԴ ղեկավարին կարծիքով, այդ փաստաթուղթին ընդունումը կը նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման: Նշենք, որ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը Ազգային ժողով ներկայացուցած էր Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման մասին օրինագիծը, որ քուէարկութեան պիտի դրուի Դեկտեմբեր 9ին: Սակայն խորհրդարանական մեծամասնութիւնը բացասական կեցուածք ունի այդ օրինագիծին նկատմամբ:

Նոյն օրը լրագրողներու հետ հանդիպան մը ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, խօսելով հայ-թրքական յարաբերութիւններու ներկայ փուլին մասին՝ յայտնած է, թէ ԱՄՆ խիստ շահագրգռուած է, որ Հայաստանը հայ-թրքական արձանագրութիւններէն դուրս չբերէ իր ստորագրութիւնը:

<<Պաշտօնապէս միջնորդ համարուող, սակայն իրականում Միացեալ Նահանգների պատուէրը կատարող Շուեցարիայի արտգործնախարարը ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի հետ հանդիպմանը յայտարարել էր, որ այս գործընթացը յետ գնալ չի կարող: Թէ ինչո՞ւ՝ չհասկացայ: Շատ էլ լաւ կարող է եւ պէտք է, որ յետ գնայ: Բայց ԱՄՆ ամէն ջանք կը գործադրի, որ Հայաստանը յետ չվերցնի իր ստորագրութիւնը հայ-թուրքական արձանագրութիւններից>>, նշած է ՀՅԴ գործիչը՝ աւելցնելով, որ այնումաենայնիւ, Հայաստանը իր շահերուն համար պէտք է դուրս բերէ իր ստորագրութիւնը։ 

comments