By Asbarez | Wednesday, 10 October 2012
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան համար 2011ը բեկումնային էր, յայտարարեց վարչապետ Տիգրան Սարգսեան՝ խօսելով 2011ի Հայաստանի պետական պիւտճէին մասին։ Ան նշեց, որ անհրաժեշտութիւն կայ ապահովելու շարունակական տնտեսական աճ: «2009ի խոր անկումից յետոյ մենք մշակեցինք եւ իրականացրինք հակաճգնաժամային քաղաքականութիւն: 2010ին արձանագրեցինք, որ այն տալիս է դրական արդիւնքներ՝ մասնաւորապէս ունեցանք տնտեսական աճ, բարելաւեցինք տնտեսական աճի ցուցանիշը», դիտել տուաւ վարչապետը: Ան կարեւոր նկատեց այդ աճի ընթացքը շարունակուի նաեւ 2012ին, որ ներկայ դրութեամբ արձանագրած է շուրջ 7 տոկոսի աճ:
Նախորդ տարուան յաջորդ առանձնայատկութիւնը, վարչապետին համաձայն, բարձր գնաճային սպասումներն էին: Գնաճային ճնշումները պայմանաւորուած էին թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին գործօններով: «2009ին մենք իրականացրել էինք ընդլայնողական քաղաքականութիւն՝ աւելացնելով պետպիւտճէի տեֆիցիտը (բացը-Խմբ.), ներգրաւելով ֆինանսական միջոցներ, որոնք մենք ուղղեցինք առաջին հերթին մեր պետութեան սոցիալական պարտաւորութիւններն ամբողջութեամբ կատարելուն՝ չկրճատելով սոցիալական ծախսերը, մենք աւելացրինք նպաստները եւ թոշակները», ըսաւ Սարգսեան եւ աւելցուց. «Բացի դրանից, մեծածաւալ ենթակառուցուածքային ծրագրերը եւ պիւտճէի աւելի քան 7 տոկոսանոց տեֆիցիտի պատճառով խիստ գնային քաղաքականութիւնն իրենց ազդեցութիւնը պէտք է թողնէին գնաճային արագացումների եւ ճնշումների վրայ: Հետագայում պարզ դարձաւ, որ պէտք է անցնել աւելի ցածր գնաճային ճնշումների փուլ»:
Անոր համաձայն, նոր քաղաքականութիւնը թոյլ տուաւ էապէս նուազեցնել գնային ճնշումները: 2010ի երկու տոկոսանոց տնտեսական աճի փոխարէն, 2011ին 4.6 տոկոսանոց աճ արձանագրուած է: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ուշադրութեան առարկայ է նաեւ առեւտուրի բնագաւառի բարելաւումը, ուր, սակայն, տակաւին կան հարցեր, որոնք լուծման կը կարօտին:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ