By Asbarez | Monday, 15 October 2012
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ստեփանակերտի օդակայանի բացումը բացասականօրէն պիտի ազդէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ բանակցութիւններու գործընթացին վրայ. Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 15ին այսպէս յայտարարած է Պաքու գտնուող Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Թուրքիա ինչպիսի՞ քայլերու պիտի դիմէ Ստեփանակերտի օդակայանի բացման պարագային՝ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Անգարա արդէն արտայայտած է իր դիրքորոշումը:
«Օդակայան բանալու մտադրութիւնը բացասական քայլ է: Թուրքիա արդէն իսկ դատապարտած է այդ գործողութիւնը եւ յայտարարած, որ այդ քայլը անթոյլատրելի է: Այդ քայլը կրնայ վնասել ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: Մենք այդ հարցի կապակցութեամբ արդէն խորհրդակցութիւններ կատարած ենք ատրպէյճանական կողմին հետ: Չեմ կարծեր, որ այդ քայլը դրական արդիւնք պիտի տայ: Այդ հարցը պէտք է լուծուի միջազգային իրաւունքի շրջանակներուն մէջ»:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ