Ցեղասպանութեան Հարցը Թուրքիա-Հայաստան Կապերէն Անջատելու Կոչ

By Asbarez | Wednesday, 22 July 2009

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Երեքշաբթի, Յուլիս 21ին կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու գործընթացին մէջ Թուրքիոյ իշխանութեանց ետդարձով մտահոգ ամերիկացի քոնկրէսականներուն թիւը սկսած է աճելու:

Արդարեւ, քոնկրէսականներ Ֆրէնք Փալոն, Մարք Քըրք, Էտըմ Շիֆ եւ Ճորճ Ռատանովիչ նախաձեռնած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային յղուած նամակի մը, ուր նախագահէն կը խնդրուի յստակօրէն իրարմէ անջատել Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցն ու Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները:

Քոնկրէսականները իրենց նամակին մէջ կը նշեն, թէ Թուրքիա Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու յայտարարութիւնը դիտումնաւոր կերպով Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման թուականէն միայն երկու օր առաջ հրապարակած է, արգելք հանդիսանալու համար Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու աշխատանքներուն:

Անոնք նաեւ հարցականի տակ կ՛առնեն Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ Հայաստանի շրջափակման վերջ տալու Թուրքիոյ պատրաստակամութեան անկեղծութիւնը:

Անոնք կոչ կ՛ընեն նախագահին, որ շեշտը դնէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները «տրամաբանական ժամանակի մը ընթացքին» բնականոնացնելու աշխատանքներուն վրայ, առանց նախապայմաններու, միաժամանակ յիշեցնելով անոր, որ նախքան նախագահ ընտրուիլը, ան խոստացած էր յստակօրէն հաստատել Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ հայութեան, որ իրենց քոնկրէսականներուն հետ կապուելով՝ պահանջեն, որ անոնք ստորագրեն այս նամակը:

comments

Advertisement