Լեւոն Տէր Պետրոսեան Դեռեւս Չէ Համաձայնած ՀԱԿի Նախագահական Թեկնածուն Ըլլալ

By Asbarez | Tuesday, 16 October 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 16 Հոկտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայ Ազգային Կոնգրեսի համակարգող Լեւոն Զուրաբեան հաստատած է, որ իրենց թեկնածուն Լեւոն Տէր Պետրոսեանն է եւ կուսակցութիւնը տակաւին չէ քննարկած ընդդիմութեան միասնական թեկնածուի հարցը:
«Կոնգրեսն ունի իր թեկնածուն՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը, սակայն վերջինիս համաձայնութիւնը դեռեւս չկայ: Մեր թեկնածուի առաջադրման մասին յայտարարութիւն կ՛արուի օրէնքով սահմանուած ժամկէտում», նշած է Զուրաբեան։

Անդրադառնալով շրջան ընող այն լուրերուն, որոնց համաձայն, ՀԱԿի թեկնածու կրնան ըլլալ Նիկոլ Փաշինեանը կամ ինքը՝ Զուրաբեանը, ՀԱԿի համակարգողը զանոնք նկատեց «անիմաստ քննարկումներ», որոնք կը կատարուին ոչ թէ տուեալ անձերուն, այլ ընդհանրապէս այս հարցին հետ ուղղակի կապ չունեցողներու կողմէ։

Այդուհանդերձ, եթէ Տէր Պետրոսեան չուզէ ընտրութիւններուն առաջադրուիլ, այն ատեն ՀԱԿը պիտի որոշէ, թէ ի՛նչ քայլեր պիտի առնէ։

Լեւոն Զուրաբեան նաեւ անդրադարձաւ ընտրութեան վերաբերող Հայ Ազգային Կոնգրեսի մշակած, 22 կէտէ բաղկացած ընտրական նոր թղթածրարին. ան համոզուած է, որ այդպիսով կարելի պիտի ըլլայ թափանցիկ ընտրութիւններ կազմակերպել: «Մենք պահանջում ենք, որ քուէաթերթիկները չունենան խիստ հաշուառման կարգավիճակ, այսինքն՝ պէտք է համարակալուեն ոչ թէ քուէաթերթիկները, այլ ծրարները: Քուէարկութեան ողջ գործընթացը պէտք է տեսանկարահանել՝ վաղ առաւօտից մինչեւ աւարտը, ընդ որում՝ թէ ընտրատեղամասի ներսում, թէ դրսում», նշած է ան։

ՀԱԿը նաեւ լուծում գտած է նոյն անձին քանի մը անգամ քուէարկելը արգիլելու հարցին՝ անոր մատը թաթխել յատուկ ներկի մէջ, ինչ որ, Զուրաբեանի համաձայն, ոչ մէկ ձեւով կը նուաստացնէ քաղաքացին։ Կոնգրեսը կը պահանջէ նաեւ տարանջատել բնակչութեան եւ ընտրողներու ցանկագրումները (վերջինին մէջ պէտք է ներգրաւուին այն անձերը, որոնք վեց ամիսէ աւելի չեն բացակայած Հայաստանէն), ընտրողներու ցուցակը դարձնել հրապարակային, բոլորին հասանելի փաստաթուղթ, զոր կարելի է ներբեռնել, քուէարկութենէն ետք ստորագրութիւններով ցանկերը հրապարակել:

comments