Մակեդոնիան Պատրաստ Է Ճանչնալու Արցախի Անկախութիւնը

By Asbarez | Monday, 15 October 2012

 

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մակեդոնիան պատրաստ է ճանաչելու Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, եթէ նման հարց ծագի, յայտնեց Ռուսիոյ Աշխարհաքաղաքական հետազօտութիւններու ակադեմիայի փոխնախագահ Արայիկ Սարգսեան՝ 15 Հոկտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին։

Այս տարուան 1 Մարտէն ան Մակեդոնիոյ կառավարութեան կողմէ առաջարկուած էր ըլլալ իբրեւ Մակեդոնիոյ պատուոյ հիւպատոս Հայաստանի մէջ:

«Մակեդոնիայի կառավարութիւնը Մարտի մէկին նշանակել է ինձ Հայաստանում որպէս Մակեդոնիայի պատուոյ հիւպատոս. սա բացառիկ դէպք է, քանի որ սովորաբար միջազգային կառոյցները պատուոյ Հիւպատոս նշանակում են Վրաստանում, որովհետեւ Վրաստանը համարւում է տարածաշրջանում ամենաժողովրդավար երկիր», աւելցուցած է Սարգսեան՝ նկատել տալով սակայն, որ ցարդ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխան չէ տուած  այդ առաջարկին:

Արայիկ Սարգսեան կարեւոր նկատած է հայմակեդոնական յարաբերութիւններու սերտացումը՝ զայն նկատելով «հակաթուրքական միաւորում» քրիստոնեայ աշխարհին մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ այս իմաստով երկու երկիրներուն մտահոգութիւնները կը նոյնանան:  «Մակեդոնիան ունի նոյն խնդիրը, ինչը մենք: Աւելին ասեմ՝ Մակեդոնիան Մարտ ամսին արգելեց Ադրբեջանի քաղաքացիների մուտքը Մակեդոնիայի տարածք», նշեց ան։

Ռուսիոյ Աշխարհաքաղաքական հետազօտութիւններու ակադեմիայի փոխնախագահ Արայիկ Սարգսեանը Մակեդոնիոյ կառավարութեան կողմէ զինք ընտրելը մեկնաբանեց Մակեդոնիոյ պետական շահերուն հետ իր գիտական գնահատականներուն ու տեսլականներուն համընկնում:  «Ցանկացած գիտնականի համար մեծագոյն պատիւ է նման որոշումը: Ես երեք անգամ ելոյթ եմ ունեցել Սերբիայում, Մակեդոնիայում եւ Կոսովոյում, ներկայացրել իմ փորձագիտական գնահատականները, իմ տեսլականները, թէ ես ինչպէս եմ տեսնում զարգացումը Բալկաններում: Վերջինը համընկել է այդ պետութեան ղեկավարութեան շահերին», ամփոփեց Սարգսեան:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement