By Նիուզ | Tuesday, 09 November 2010
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Նոյեմբեր 4ին հայ-ատրպեճանական Իջեւան-Ղազախ սահմանին վրայ տեղի ունեցաւ ատրպէյճանցի գերիի եւ հայ զոհուածի աճիւնի փոխանակումը:
Երեւանի մէջ կայացած հանդիպման մը ընթացքին, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) պատուիրակ Մելանի Վոնրոսպախ, որ հսկած էր փոխանակման գործողութեան, յայտնած է, թէ իրենք մշտական կապի մէջ են այն բոլոր ընտանիքներուն հետ, որոնք գերի ինկած, անհետացած կամ մահացած հարազատներ ունին։ «Միշտ ցաւ կ՛ապրիս, երբ ստիպուած կ՛ըլլաս վատ լուր հաղորդել կամ ալ զոհուածի աճիւն հայրենադարձել», նշած է ան:
«Մենք կ՛ողջունենք 2010ի Հոկտեմբերին, Աստրախանի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը՝ ռազմագերիները եւ զոհուածներու աճիւնները փոխանակելուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ ԿԽՄԿի հնարաւոր օժանդակութիւնը այս հարցին», իր կարգին ըսած է Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ ԿԽՄԿ գործողութիւններու ղեկավար Փասքալ Մեժ Վակներ: Վերջինս Սեպտեմբերին Հայաստան եւ Ատրպէյճան կատարած իր այցելութեան ընթացքին քննարկած էր այս հարցը երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներուն եւ արտաքին գործոց փոխնախարարներուն հետ:
«Մենք կ՛ուզենք վերստին հաստատել չէզոք միջնորդ հանդիսացող մեր կազմակերպութեան պատրաստակամութիւնը՝ հայրենադարձումներ իրականացնելու գործին մէջ: Սակայն, հարկ կը համարեմ նշել, որ ԿԽՄԿ կը հայրենադարձէ ազատ արձակուած գերիները, միայն համոզուելէ ետք, թէ անոնք կը վերադառնան հայրենիք իրենց յօժար կամքով», ընդգծած է ան:
Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 4ին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի հովանաւորութեամբ, հայրենիք դարձուած է Հայաստանի քաղաքացի Մանուէլ Սարիբէկեանի դիակը, որ մահացած էր 2010ի Հոկտեմբերին, Պաքուի մէջ։ Նոյն օրը ԿԽՄԿն հայրենիք վերադարձուցած է նաեւ Հայաստանի մէջ ներկալուած Ատրպէյճանի քաղաքացի Էլտար Թաղիեւը: Փոխանակումը տեղի ունեցած է ատրպեճանական Ղազախ եւ հայկական Իջեւան քաղաքները իրար կապող ճանապարհին վրայ:
Համաձայն իր յանձնառութեան, ԿԽՄԿ կ՛այցելէ Ղարաբաղեան հակամարտութեան հետեւանքով ազատազրկուած ռազմագերիներուն եւ ներկալուած քաղաքացիներուն: Սոյն թուականի Ապրիլին, ԿԽՄԿ հայրենիք վերադարձուցած էր ատրպէյճանցի երկու քաղաքացիներու աճիւնները եւ մէկ ռազմագերի: Ներկայիս, կազմակերպութիւնը ներկալուած այլ անձանց եւ զոհուածներու աճիւններու հայրենադարձման շուրջ քննարկումներ կը վարէ՝ երկու ուղղութեամբ:
Հիմնուելով Ժընեւեան համաձայնագիրներուն վրայ՝ Ղարաբաղեան հակամարտութեան առնչութեամբ ԿԽՄԿ կը գործէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ 1992էն ի վեր:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ