By Անատոլու | Tuesday, 09 November 2010
ՊՈԼԻՍ, «Անատոլու».- Լոնտոնի միջազգային յարաբերութիւններու թագաւորական հիմնարկի՝ «Չեթըմ Հաուս»ի, տարեկան մրցանակը այս տարի պիտի շնորհուի Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին։ Մրցանակը պիտի յանձնուի Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 9ին, Էլիզապէթ Բ. թագուհիին ձեռամբ։ Սոյն մրցանակը 2005էն սկսեալ կը շնորհուի քաղաքական առաջնորդի կամ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութեան ղեկավարի մը՝ նկատի ունենալով միջազգային յարաբերութիւններու մէջ անոր բերած նպաստը։
Կիւլ այս մրցանակին արժանի տեսնուած է՝ Իրաքի մէջ ցեղային ու կրօնական խմբաւորումներու միաւորման, Աֆղանիստան-Փաքիստան յարաբերութիւններու եւ արաբա-իսրայէլեան հակամարտութեան լուծման, ափրիկեան երկիրներու հետ շփումներու աշխուժացման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման նպաստելուն համար։
Երկուշաբթի օր Լոնտոն մեկնելու ընթացքին, Կիւլ օդանաւին մէջ թուրք լրագրողներուն յայտնած է, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սկսած գործընթացը լուռ կը շարունակուի։ Ի պատասխան թուրք լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, թէ «Լոնտոնի մէջ մրցանակ պիտի ստանաք Հայաստան-Թուրքիա մերձեցման գործընթացին համար։ Սակայն այսօր այդ ասպարէզին մէջ զարգացումներ տեղի չեն ունենար։ Ի՞նչ կ՛ըսէք այդ առնչութեամբ», Կիւլ ըսած է. «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սկսած յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը ոչ մահացած է, ոչ ալ՝ սառած։ Իրականութեան մէջ, որոշ բաներ անձայն կ՛ընթանան»։
Թուրքիոյ նախագահը վերջին շրջանին քանի մը անգամ խօսած էր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ընթացող այսպէս կոչուած՝ «լուռ դիւանագիտութեան մասին, սակայն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան վերջերս «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ի մէջ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ նշած էր, որ «չկայ ո՛չ լուռ դիւանագիտութիւն, ո՛չ Ցիւրիխի երկրորդ շրջան», ո՛չ բանակցութիւններու որեւէ նոր փուլ, ինչպէս վերջերս կը փորձէ յաճախ ներկայացնել թրքական մամուլը։ Այս երկարատեւ գործընթացին մէջ առկախուած միակ քայլը հայ-թրքական արձանգրութիւններու վաւերացումն ու իրագործումն է՝ առանց հետագայ ձգձգման»։
Միւս կողմէ, Նոյեմբերի վերջաւորութեան Կիւլը հիւրընկալելու պատրաստուող Զուիցերիոյ նախագահը զրոյց մը ունեցած է թուրք լրագրողներու հետ՝ անդրադառնալով նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ներկայ վիճակին։ Զուիցերիոյ նախագահ Տորիս Լէօթարտ թրքական «Զաման» օրաթերթին յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ 2009ին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւնները սեղանի վրայ են։
Զուիցերիոյ նախագահը յայտարարած է. «Արձանագրութիւնները ստորագրուած են անցեալ տարի, սակայն առայժմ իրենց վերջնական նպատակին չեն հասած։ Ժամանակ պէտք է: Սակայն մեր առջեւն է ապագան, որ պիտի հիմնաւորուի ընդհանուր շահերու վրայ։ Ընդհանուր շահը շրջանի ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ խաղաղ միջավայրի մէջ գոյակցիլն է։ Այսօր հայ եւ թուրք ժողովուրդները չեն ուզեր միայն խօսիլ անցեալին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մասին, այլ նաեւ կ՛ուզեն ապրիլ բարեկամական եւ խաղաղ միջավայրի մէջ։ Եւ ահա այստեղ Զուիցերիան կրնայ իր ներդրումը ունենալ։ Կրնայ ներդրում ունենալ արձանագրութիւնները կեանքի կոչելու հարցին մէջ։ Մենք անոր պատրաստ ենք։ Վարագոյրին ետին միշտ ալ բանակցութիւններ կ՛ընթանան։ Սակայն ատիկա կախեալ է կողմերու քաղաքական կամքէն։ Մենք կը դիւրացնենք հոլովոյթը։ Կը փորձենք լուծում գտնել բանակցութիւններու շարունակութեան համար։ Մենք պէտք է տեսնենք, որ կողմերը քաղաքական կամք կը դրսեւորեն բանակցային սեղանին շուրջ նստելու համար»։
Անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու հոլովոյթին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ այդ փաստաթուղթերը Հայաստանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարաններուն մէջ վաւերացնելու հաւանականութեան՝ Տորիս Լէօթարտ ընդգծած է, որ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները կը շարունակեն մնալ սեղանի վրայ։ «Ցիւրիխեան արձանագրութիւնները սեղանին վրայ են։ Ըստ իս, իրականին մէջ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար գոյութիւն ունի քաղաքական կամք։ Այդ առնչութեամբ յոյսով ենք, որ հոլովոյթը շարունակուի։ Երբ ժամանակը գայ, հանրութեան պիտի տրամադրենք անհրաժեշտ տեղեկութիւնը։ Որեւէ կասկած չկայ, որ կողմերը յարաբերութիւններու կարգաւորման համար քաղաքական կամք ունին։ Երբեմն հանրութեան առջեւ շատ նուրբ մանրամասնութիւններ քննարկելէ աւելի օգտակար կ՛ըլլայ լուռ դիւանագիտութիւնը։ Յոյսով ենք, որ արձանագրութիւնները վաւերացուին երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ։ Ձեզի որեւէ ճշգրիտ ժամանակահատուած այդ առնչութեամբ չեմ կրնար ըսել։ Սակայն կարեւոր չէ հոլովոյթին արագութիւնը, այլ՝ որակը», եզրակացուցած է ան։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ