Ըստ Պաքուի՝ Արցախի Հարցը Գարնան Պիտի Քննուի ՆԱԹՕի Կողմէ

By Էյ.Փի.Էյ. | Sunday, 14 November 2010

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահ Զիաֆետ Ասքերով յայտարարած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ բանաձեւը պիտի քննարկուի ՆԱԹՕի խորհրդարանական վեհաժողովի գարնանային նստաշրջանի ընթացքին:

Ըստ անոր, բանաձեւը, որուն քննարկումը նախատեսուած էր աշնանային նստաշրջանին, յետաձգուած է Ատրպէյճանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն պատճառով։

«Մենք նամակով դիմած ենք ՆԱԹՕի խորհրդարանական վեհաժողովի ղեկավարին եւ նշած, թէ ատրպեճանական պատուիրակութիւնը չի կրնար մասնակցիլ նիստին, խորհրդարանական ընտրութիւններու պատճառով, խնդրելով բանաձեւին քննարկումը յետաձգել յաջորդ նստաշրջան։ Ստացած ենք դրական պատասխան», ըսած է Ասքերով։

Կը նախատեսուէր, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ բանաձեւը քննուի Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւիոյ մէջ, Նոյեմբեը 12-16ին կայանալիք վեհաժողովին ընթացքին։

ՆԱԹՕի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Կարէն Աւագեան արդէն յայտնած էր, թէ բանաձեւը չքննարկելու խնդրանքով ՆԱԹՕի խորհրդարանական վեհաժողովին դիմած էր նաեւ Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը։ 

comments

Advertisement