Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ Նահանգը Ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութեան Անկախութիւնը

By Asbarez | Thursday, 25 October 2012

 

ՍԻՏՆԻ.- Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի  նահանգային խորհրդարանը 24 Հոկտեմբերին միաձայնութեամբ ընդունեց բանաձեւ մը, որով ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը։

Այս առիթով  Աւստրալիոյ Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Վաչէ Գահրամանեան նշեց, թէ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգը, որ երկրին ամէնէն հայաշատ նահանգն է, եղաւ աշխարհի երրորդ նահանգը, որ կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը:  Բանաձեւը ներկայացուած է օրէնսդիր խորհուրդի անդամ Մարի Ֆիկարայի կողմէ, որ հայկական հարցերու վաղեմի ջատագովն ու աջակիցն է։ Բանաձեւը կը ճանչնայ Արցախի անկախութեան 20ամեակը, կ՛աջակցի հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին եւ կոչ կ՛ուղղէ Աւստրալիոյ դաշնակցային կառավարութեան, որ ինքն ալ նոյն ձեւով ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ յարաբերութիւններ ստեղծէ Աւստրալիոյ ու Արցախի միջեւ:

Գահրամանեան նշեց, որ 24 Հոկտեմբերը պատմական օր էր ո՛չ միայն աւստրալիահայութեան համար, այլ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչման առումով:

Նման բանաձեւի մը որդեգրումը Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի երկար ամիսներու քարոզարշաւի եւ տքնաջան աշխատանքի արդիւնք է։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement