Լ. Արոնեան Հռչակուեցաւ Կայծակնային Ճատրակի Մէջ Աշխարհի Ախոյեան

By Նիուզ | Tuesday, 23 November 2010

ՄՈՍԿՈՒԱ, «Նիուզ».- Մոսկուայի մէջ Նոյեմբեր 18ին իր աւարտին հասաւ ճատրակի կայծակնային խաղի աշխարհի առաջնութիւնը, որուն ընթացքին աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը ապահովեց Լեւոն Արոնեան:

Եռօրեայ պայքարին ընթացքին իրականացած 38 խաղերուն 20ը՝ հայ վարպետը աւարտեց յաղթանակով: Ան ախոյեանի տիտղոսը ապահովեց 37րդ խաղին ընթացքին, երբ 1.5 նիշի առաւելութուն ձեռք ձգեց Ռաճապովի եւ Քարլսենի դիմաց: 38 հնարաւորներէն Արոնեանը վաստակեց 24.5 նիշ:

Ատրպէյճանցի Ռաճապով ետ մնաց կէս նիշով, իսկ աշխարհի նախկին ախոյեան, նորվեկիացի Քարլսենը 23.5 նիշով գրաւեց երրորդ տեղը: 

comments

Advertisement