Հայաստանի Նախագահը Որոշած Է Լիզպոն Չմեկնիլ

By Արմէնփրէս | Tuesday, 23 November 2010

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 20ին նախատեսուած էր Հայաստանի նախագահին մասնակցութիւնը ՆԱԹՕի վեհաժողովի ծիրէն ներս իրականացուող՝ Աֆղանիստանի մէջ ՆԱԹՕի ղեկավարած Միջազգային անվտանգութեան աջակցութեան ուժերուն մասնակից երկիրներու ղեկավարներու հանդիպման:

Ինչպէս տեղեկացուցած է Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը, Հայաստանը կարեւոր կը համարէ ՆԱԹՕի հետ իր համագործակցութիւնը, որ կ՛ընթանայ Եւրոաթլանթեան գործընկերութեան խորհուրդի ծիրէն ներս: Հայաստանը այսօր աշխուժօրէն ներգրաւուած է «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» ծրագիրի ծիրէն ներս իրականացուող բազմաթիւ վարժութիւններու, ուսումնական ծրագիրներու եւ զօրավարժութիւններու մէջ: Ըստ նախագահի մամլոյ գրսենեակին, իբրեւ գործընկեր երկիր՝ Հայաստանը վերջին տարիներուն նաեւ նման զօրավարժութիւններ հիւրընկալած է իր տարածքին վրայ: ՀՀ մասնակցութիւնը ՆԱԹՕի խաղաղապահ գործողութիւններուն՝ Քոսովոյի եւ Աֆղանիստանի մէջ, արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան լաւագոյն դրսեւորումներէն է:

Այդ համագործակցութիւնը, համաձայն մեր երկրի Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան, Հայաստանի անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման բաղադրիչներէն է: Այդ առումով, յատկապէս կարեւոր կը համարուին Հայաստանի համար կենսական խնդիրներու շուրջ ընդունուող փաստաթուղթերու բովանդակութիւնն ու անոնց մէջ տեղ գտած ձեւակերպումները, որոնք պէտք է ուղղուած ըլլան տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան ամրապնդման:

Հայկական կողմը բազմիցս ընդգծած է հակամարտութիւններու լուծման ընդհանրական ձեւակերպումներու անընդունելիութիւնը: ՆԱԹՕի Լիզպոնեան համաժողովի հռչակագիրին մէջ հարաւկովկասեան խնդիրներու լուծման նախկին ձեւակերպման պահպանումը, որուն մէջ յղում կը կատարուի ԵԱՀԿի կողմէ հռչակուած սկզբունքներէն միայն մէկուն, վատ ազդակ կրնայ դառնալ եւ լրացուցիչ բարդութիւններ ստեղծել ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ, յատկապէս՝ վերջին շրջանին Ատրպէյճանի ռազմական ծախսերու աննախադէպ աճին եւ անոր ղեկավարութեան հայատեաց կեցուածքի լոյսին տակ:

Նկատի ունենալով այս մտահոգութիւնը՝ Հայաստանի նախագահը որոշում կայացուցած է չմեկնիլ Լիզպոն: Նշուած հանդիպման պիտի մասնակցին Հայաստանի արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները: 

comments