By Asbarez | Tuesday, 23 November 2010
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժնի տուեալներով, ՊԲ հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տակ գտնուող առաջնային բնագիծին վրայ Նոյեմբեր 19ին տեղի ունեցած է միջադէպ մը, որուն հետեւանքով հրազինային կրակահերթերէն զոհուած են ժամկէտային զինուորական ծառայողներ Լեւոն Եսայեան, Ներսէս Գալոյեան, Նարեկ Սահակեան եւ Նուէր Սարգսեան:
Նոյն միջադէպին հետեւանքով, հրազինային տարբեր աստիճանի վէրքեր ստացած են ժամկէտային զինուորական ծառայողներ Սարգիս Մելքումեան, Խաչիկ Ալեքսանեան, Մասիս Գրիգորեան եւ Մանուէլ Հազրոյեան:
Ըստ ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութեան վերջին տուեալներուն, կատարուած են քննչական առաջին աշխատանքները, որոնց համաձայն, գրեթէ բացառուած է հակառակորդին կողմէ յանցաւոր գործողութիւններու կատարման վարկածը: Դէպքին կապակցութեամբ
յարուցուած է քրէական գործ: Երկուշաբթի օր, պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, որ չորս զինուորներու սպանութեան գործով ձերբակալուած է զինուորական մը, որուն անունը չէ հրապարակուած: Պաշտպանութեան նախարարութեան քննչական ծառայութիւնը
տեղեկացուցած է նաեւ, որ եւս երկու զինուորներ ձերբակալուած են Նոյեմբեր 18ի գիշերը՝ Գեղարքունիքի մարզի Ճամբարակի զօրամասի ժամկէտային զինուոր Ռոբերտ Աւետիսեանի մահուան գործով: Ան մահացած է հրազէնէ մը արձակուած 5-6 կրակոցներով:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ