Սօս Սարգսեան Հիւանդանոցէն Տուն Մեկնած Է

By Asbarez | Friday, 02 November 2012

ԵՐԵՒԱՆ.- 2 Նոյեմբերին հայ մեծանուն դերասան Սօս Սարգսեան, որ 19 Հոկտեմբերէն ի վեր հիւանդանոցը կը գտնուէր, տուն փոխադրուած է։  Հիւանդանոցէն փոխանցուած է, որ անոր առողջական վիճակը բարելաւուած է, ուստի բուժումը պիտի շարունակէ տան մէջ։

«Ասպարէզ» բարի ու արագ ապագինում կը մաղթէ մեծ դերասանին ու մտաւորականին: Մեր մաղթանքին կը միանայ Սօս Սարգսեանի վաղեմի բարեկամ Ցոլակ Յովսէփեանը:

comments