Րաֆֆի Յովհաննէսեան Կը Պատրաստուի «Կեանքի Կարեւոր Պայքարին»

By Asbarez | Monday, 05 November 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը 15 Դեկտեմբերին  պիտի կայացնէ իր համագումարը եւ պիտի որոշէ, թէ ինչպէ՛ս պիտի պատրաստուի նախագահական ընտրութիւններուն, յայտարարած է «Ժառանգութեան» առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան:  5 Նոյեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ան յայտնած է. «Ես չեմ հայցում որեւէ քաղաքական ուժի սատարումը իմ թեկնածութեան շուրջ, սա հաւաքական թեկնածութիւն է, եւ յաղթանակի դէպքում կը լինի այլ որակի Հայաստան, իսկ դա անելու համար պէտք է լինել միասնական»։  Ան շեշտած է, թէ  ինք կը պատրաստուի «իր կեանքի կարեւոր պայքարին»: Անդրադառնալով «Ժառանգութեան» եւ «Ազատ դեմոկրատներ»ու յարաբերութիւններուն՝ Րաֆֆի Յովհաննէսեան յայտարարած է, որ այդ նիւթը արդէն փակուած է:

«Երկար ամիսների ընթացքում, գոհ լինելով համատեղ պայքարի եղանակներից, կային տարբեր տեսակի պարտաւորութիւններ, որոնք չկատարուեցին «Ազատ դեմոկրատներ»ի կողմից: Այս թեման փակուած է, ես լաւագոյնն եմ մաղթում այդ կուսակցութեանը եւ յատկապէս նոր սերնդին: Ես վիրաւորուած չեմ, դա իրենց որոշումն է, եւ դա ես յարգում եմ», յայտնած է Յովհաննէսեան՝ աւելցնելով, որ «Ազատ դեմոկրատներ»էն գոնէ մէկը՝ Ալեքսանդր Արզումանեանը, շատ լաւ պատգամաւոր է եւ որպէս դիւանագէտ գիտէ, թէ դիւանագիտութիւնը ոչինչ է, եթէ  ճշմարտութեան վրայ չէ խարսխուած։

Խօսելով նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ծախսուելիք գումարին մասին՝ Յովհաննէսեանը յայտարարած է, որ ոեւէ թեկնածու հարիւր միլիոն դրամէն աւելի ծախսելու իրաւունք չունի:

«Ժառանգութիւնը միշտ ունեցել է նիւթական խնդիրներ լուծելու մարտահրաւէր, որովհետեւ մենք բիզնեսմեն չունենք, ես ինքս որեւէ բիզնես չեմ ծաւալում Հայաստանում եւ շատերը տարբեր անկիւններում խիստ մտահոգուած են այդ հարցով: Բացի այդ, մենք երկու անգամ մասնակցել ենք Ազգային ժողովի ընտրութիւններին նուազագոյն ֆինանսներով, իսկ նախագահական ընտրութիւններին հարիւր միլիոն դրամից աւելի ոչ մի թեկնածու ծախսելու իրաւունք չունի», նշած է Րաֆֆի Յովհաննէսեան:

comments