ՖԻՖԱի Ցանկին Վրայ Հայաստանի Հաւաքականը 18 Դիրքով Նահանջած Է

By Asbarez | Wednesday, 07 November 2012

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինիա Նաու».- Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը ՖԻՖԱի ընթացիկ վարկանշային ցանկին վրայ 18 կէտով նահանջած է եւ ներկայիս կը գտնուի 82րդ դիրքին վրայ, գրած է Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնի կայքէջը: Այս նահանջը աշխարհի ախոյեանութեան ընտրական հանգրուանի հանդիպումներու ծիրին մէջ Իտալիոյ հաւաքականէն Երեւանի կրած 3:1 պարտութեան հետեւանք է։ Յիշեցնենք, որ, ըստ ազգային հաւաքականներու վարկանշային նախորդ աղիւսակին, Հայաստանի ընտրանին կը գտնուէր 64րդ դիրքին վրայ՝ դարձեալ 11 կէտով նահանջելով:

2014 թուականին աշխարհի ախոյեանութեան ընտրական հանգրուանին Հայաստանի հաւաքականին մրցակիցներէն Իտալիան կը գրաւէ 5րդ դիրքը, Դանիան՝ 22րդ, Չեխիան՝ 25րդ, Պուլկարիան՝ 40րդ, իսկ Մալթան՝ 150րդ։

Վարկանշային ցանկը նախապէս կը գլխաւորէր Սպանիոյ հաւաքականը, երկրորդ դիրքի վրայ կը մնայ Գերմանիոյ հաւաքականը, իսկ երրորդը Արժանթինի ազգային ընտրանին է:

Վարդան Մինասեանի սաները պիտի կարենան բարելաւել ամիսը անգամ մը հրապարակուող դասակարգման աղիւսակին մէջ իրենց դիրքը, եթէ յառաջիկայ Չորեքշաբթի Երեւանի մէջ  Լիթվայի դէմ կայանալիք խաղին յաղթանակ ապահովեն։

comments