Ռուստամեան Կը Պատասխանէ Նալբանդեանին

By Asbarez | Wednesday, 22 July 2009

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յոյս յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Երկուշաբթի օր կատարած «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու» յայտարարութիւնը Դաշնակցութեան չի վերաբերիր:

Նշենք, որ Երկուշաբթի օր, Նալբանդեան պատասխանելով «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հարցումին, որ կ՛առնչուէր իր հրաժարականի պահանջքով Դաշնակցութեան յայտարարութեան՝ ըսած էր, թէ «Վերջին շրջանում Ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման շուրջ բարձրացուած անիմաստ աղմուկն ու աժիոտաժը (իրարանցումը-Խմբ.) անհիմն են: Մի կողմից՝ դա կարելի է միգուցէ բացատրել, շատ փափուկ ասած՝ որոշ միամտութեամբ, իսկ միւս կողմից՝ այն փորձերով, որոնք արւում են ջուրը պղտորելու եւ պղտոր ջրի մէջ ձուկ որսալու համար:

Հակադարձելով նախարարի յայտարարութեան՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Ռուստամեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին յայտնեց. «Մենք նման նպատակ չունենք: Մենք երբեք այս հարցը չենք օգտագործել՝ նախկինում էլ եւ ո՛չ հիմա, ո՛չ էլ ապագայում ենք պատրաստւում որեւէ կերպ օգտագործել ազգային հարցերը ինչ որ նեղ կուսակցական խնդիրներ լուծելու համար: Ընդհակառակը, մեր բոլոր յայտարարութիւնների տրամաբանութիւնն այն է, եւ մեր թիւ մէկ խնդիրը միասնական ճակատ ձեւաւորելն է՝ անկախ նրանից, թէ ո՛վ տուեալ պահին ո՛ր ճամբարում, ո՛ր դաշտում է գտնւում:

Ռուստամեան շարունակեց՝ ընդգծելով, որ «Իրականութիւնը մտահոգիչ էր, եւ լուրջ ահազանգ կար, որ իսկապէս անհրաժեշտութիւն կայ այսօր այս փուլը յաղթահարել, այս փորձութիւնը յաղթահարել, եւ մենք մեր արտաքին քաղաքականութեան մէջ ունեցած սխալների հետեւանքով ենք յանգել այս օրուան՝ սա մեզ համար ակնյայտ էր:

Դաշնակցական գործիչը աւելցուց, որ «Կարծում ենք, արտգործնախարարութեան ճիշդ տեղն էլ հէնց դա կը լինի, որ իրենք իրենց մասնակցութիւնը բերեն ազգային ճակատի ձեւաւորման հարցում:

Ռուստամեանի համոզումով այսօր իրավիճակը կտրուկ փոփոխութեան ենթարկուած է բանակցային գործընթացի մէջ:

Երբ գաղտնազերծուեց պաշտօնապէս այդպիսի բարձր մակարդակով «մատրիտեան սկզբունքներ» կոչուածը՝ դա արդէն նոր փուլ է բանակցային գործընթացի մէջ նշանակում: Որովհետեւ սրա մէջ արդէն տրամաբանօրէն եւ շատ բնական կերպով պէտք է ընդգրկուի հասարակութիւնը, բոլորն էլ իրենց տեսակէտները պէտք է կարողանան յստակ արտայայտել, եւ ամենակարեւորը՝ ասել, թէ ի՛նչն է անընդունելին այս ընթացքի մէջ:

Ամփոփելով իր զրոյցը «Ազատութեան» հետ՝ Ռուստամեան յայտնած է. «Մենք յաճախ ասում ենք, թէ ի՛նչն է ընդունելի, այս դրականը կայ, այն դրականը կայ, բայց Ատրպէյճանը երբեք չի ասում՝ գիտէք, դրական էս ունենք, նա ասում է, թէ ի՛նչ է ուզում, եւ՝ «դրանից ոչ մի քայլ հետ չեմ նահանջելու, եւ եթէ պէտք եղաւ՝ ես իմ նպատակին կը հասնեմ նաեւ պատերազմի միջոցով»: Մենք դրան համարժէք պահուածք չունենք:

Արտգործնախարարութիւնը դրա մասին պէտք է մտածի, պէտք է մտածի նրա մասին, որ իսկապէս իրենք չեն գործնականացնում այսօր ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնից եւ ռազմական դոկտրինից բխող հիմնադրոյթները: Դրանք շատ կարեւոր այսօր շեղում են արձանագրել, եւ այդ շեղումը վերացնելու խնդիրը մենք պէտք է լուծենք: Մենք ինչ որ թայմաութի (դադար-Խմբ.) մի հնարաւորութիւն ստացանք այս փաստաթուղթը չստորագրելով, բայց այդ թայմաութը շատ քիչ է տեւելու՝ մինչեւ աշուն:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement