Մետվետեւ Կը Փորձէ Արցախի Հարցի Կարգաւորման Փաստաթուղթ Մը Մշակել

By Asbarez | Saturday, 04 December 2010

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «Ռուսիոյ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի նպատակն է՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան «Կարգաւորման հիմնական սկզբունքներ» անունով առաջին ամբողջական փաստաթուղթը մշակել։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ «Ասթանայի մէջ կայանալիք ժողովի մասնակիցներուն հիմնական գլխացաւը ղարաբաղեան հիմնախնդիրն է. ի՞նչ կը կարծէք, խնդիրին առնչութեամբ կարելի՞ է որոշ տեղաշարժներ ակնկալել վեհաժողովէն»՝ Լաւրով յայտարարած է.

«Ռուսիան՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիրներէն մէկը, կը զբաղի ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ իր ազգային յատկանիշով, հաշուի առնելով մեր բարի յատուկ յարաբերութիւնները ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ատրպէյճանի հետ։ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ անձամբ կը զբաղի այդ հարցով։ Անոր նպատակն է՝ մշակել ղարաբաղեան հակամարտութեան «Կարգաւորման հիմնական սկզբունքները» անունով առաջին ամբողջական փաստաթուղթը, որ իբրեւ իրաւաբանական պարտաւորիչ փաստաթուղթ, պիտի մատնանշէ խաղաղ համաձայնագիրի առնչութեամբ իրականացուելիք աշխատանքներու հիմնական ուղղութիւնները։

Մենք սերտ կերպով կը համագործակցինք ինչպէս ամերիկացի, այնպէս ալ ֆրանսացի համանախագահներուն հետ։ Ասթանայի մէջ կայանալիք վեհաժողովի նախօրեակին, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները հանդիպում ունեցած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ։ Անոնց յանձնարարուած է Ասթանայի վեհաժողովին համար պատրաստել այնպիսի յայտարարութիւն, որուն տակ պիտի կարենան ստորագրել ե՛ւ Երեւանը, ե՛ւ Պաքուն, ե՛ւ համանախագահները», ընդգծելով, որ վերջին շրջանին իրենք յարաբերական անդորր կը նկատեն շփման գիծին վրայ։

«Սակայն առայժմ չեմ կրնար ըսել, որ Ասթանայի վեհաժողովին պիտի յաջողինք բեկում ապահովել խնդիրի մը կարգաւորման առնչութեամբ։ Ատիկա քրտնաջան աշխատանք է», նշած է Լաւրով՝ աւելցնելով. «Եթէ Ասթանայի վեհաժողովը օգնէ հետագայ յառաջընթացի համար, ատիկա արդէն լուրջ ձեռքբերում պիտի ըլլայ»։ 

comments