«Ուիքիլիքս»ը Կը Բացայայտէ Նաեւ Հայ-Վրացական Կնճիռներ

By Asbarez | Saturday, 04 December 2010

ՋԱՒԱԽՔ.- Ըստ «Novostink.ru» կայքին փոխանցած տեղեկութիւններուն, «Ուիքիլիքս»ի հրապարակած գաղտնի փաստաթուղթերէն մէկուն մէջ ներկայացուած է 2008ի Օգոստոսին, ռուս-վրացական պատերազմին ընթացքին Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակը:

Մասնաւորապէս Հայաստանի մօտ ԱՄՆ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Ժոզէֆ Փենինկթընի նամակին մէջ կը նշուի, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները հետզհետէ աւելի կ՛անհանգստանան Վրաստանի հետ կապեր հաստատելու իրենց ջանքերուն հանդէպ՝ վրացական կողմին անընկալունակութենէն:

Փենինկթընի խօսքերով, առաւել անքաղաքավար էր հաւանաբար այն, որ 2008ի Օգոստոս 15ին, Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարը, Հայաստանի տարածքով Վրաստան կատարած թռիչքին ընթացքին, մերժած էր Երեւանի օդակայանին մէջ քանի մը վայրկեան հանդիպիլ Հայաստանի իր գործընկերոջ հետ:

«Հայաստանի նախագահը քննադատութիւններու ենթարկուեցաւ տեղի զանգուածային լրատուամիջոցներուն կողմէ, որովհետեւ ան, «իբրեւ թէ», չէր կրցած հեռաձայնել Վրաստանի նախագահին՝ Ռուսիոյ նախագահին հետ իր ունեցած հեռաձայնային զրոյցէն ետք: Հայերը կը կարծեն, թէ իրենց բարի մտադրութիւններուն կը պատասխանեն սառ ցնցուղով», ըսուած է նամակին մէջ:

Փենինկթընի տուեալներուն համաձայն, Հայաստանի նախագահը փորձած է նոյն օրը հեռաձայնել ե՛ւ Վրաստանի ե՛ւ Ռուսիոյ նախագահներուն, միակողմանի դիրքորոշում ցուցաբերելէ խուսափելու համար: Սակայն ան յաջողած է կապուիլ միայն Ռուսիոյ նախագահին հետ: Քանի մը անյաջող փորձերէ ետք Սարգսեան նամակ ուղարկած է Վրաստանի նախագահ Սահակաշվիլիին՝ ցաւակցութիւն յայտնելով վրացական կողմին:

Փենինկթըն նաեւ նշած է, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը Վրաստանի հասցէին բարեացակամութեամբ արտայայտուած է, թէեւ առաջարկներ եղած են փոխելու այդ ոճը, եթէ Վրաստանը այդ ոճով չշարունակէ:

«Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեանի խօսքերով, Հայաստանը փորձած է օգնել Վրաստանին՝ ընդունելով աւելի քան 4000 փախստական, եւ առաջարկելով մարդասիրական միջանցք բանալ Հայաստանի տարածքով: Ան նշած է, որ Հայաստանի համար լաւ յարաբերութիւններ պէտք են Վրաստանի հետ՝ ոչ միայն տնտեսական տեսանկիւնէ, այլեւ՝ տարածաշրջանի կայունութեան գործին մէջ անոր ունեցած աւանդին համար: Հակառակ այդ ջանքերուն, Սահակաշվիլի աւելի քան մէկ շաբաթ, մերժած է պատասխանել Հայաստանի նախագահի հեռաձայնային զանգերուն, իսկ Վրաստանի վարչապետը արհամարհած է իր հայ գործընկերը: Իսկ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարը՝ Թքեշելաշվիլին, մերժած է Օգոստոս 15ին քանի մը վայրկեանով հանդիպիլ Հայաստանի ԱԳՆ առաջնորդին հետ», կը վկայակոչէ Փենինկթըն:

«Մեզանից էլ ի՞նչ են նրանք ուզում: Հայաստանը ձեռնպահ է մնում Վրաստանի հասցէին ուղղուած ցանկացած բացասական արտայայտութիւնից, եւ նման յայտարարութիւնների դէպքում՝ æաւախքի հայերի հակազդեցութիւնը «շատ վտանգաւոր կը լինի Վրաստանի համար»: Սա այն խաղաքարտը չէ, որը Հայաստանը պատրաստւում է խաղարկել Վրաստանի դէմ, այլ ուղղակի իրականութիւնն է», ըստ Փենինկթընի նամակին՝ յայտարարած է Նալբանդեան:

«Ուիքիլիքս»ի բացայայտած՝ Վրաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպանատան պատրաստած գաղտնի զեկուցումները 2008ին, կը վերաբերին «Վրաստանի դէմ Ռուսիոյ իրականացուցած յարձակումին»: Փաստաթուղթերը կը հաստատեն վրացական պաշտօնական դիրքորոշումը՝ յայտարարելով, որ Օգոստոսեան պատերազմին սանձազերծողը Ռուսիան էր:

Զեկոյցներուն մէջ նաեւ նշուած է, որ «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» ծրագիրի ծիրէն ներս կառուցուող եւ տակաւին չաւարտած Թիֆլիսէն Սամցխէ-æաւախք ճանապարհը ծառայած է իբրեւ հարաւային անցուղի, ուրկէ տեղափոխուած են մեծ թիւով փախստականներ, օտարներ, դիւանագիտական կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ այլ անձինք: 

comments