Ալիեւ Կ՛ուզէ Լսել Միջնորդներու «Ծանրակշիռ Խօսքը»

By Էյ.Փի.Էյ. | Saturday, 04 December 2010

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ատրպէյճանի խորհրդարանին առջեւ խօսք մը արտասանելով՝ այլ հարցերու կողքին անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին՝ ընդգծելով, որ Ատրպէյճանի առջեւ ծառացած մեծագոյն խնդիրը այդ հակամարտութիւնն է։

«Մենք այդ ուղղութեամբ մեծ ջանքեր կը գործադրենք, որպէսզի հիմնախնդիրը շուտով արդար եւ միջազգային իրաւունքներու արժէչափերուն համապատասխան լուծում մը գտնէ։ Մինսկի խմբակը կը գործէ արդէն 18 տարիէ ի վեր, սակայն առանց արդիւնքի», ընդգծած է Ալիեւ։

Ըստ անոր, արդիւնք կ՛ըլլայ այն ատեն, «երբ ատրպեճանական հողերը կ՛ազատագրուին»։ Իսկ բանակցային փուլի աշխուժութիւնը, ըստ Ալիեւի, չի կրնար արդիւնք համարուիլ։ «Մենք կ՛ուզենք արդիւնք տեսնել։ Մենք կ՛ուզենք, որ հարցը լուծուի՝ միջազգային իրաւունքի արժէչափերուն հիման վրայ, որպէսզի գործադրուին ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի չորս բանաձեւերը։ Կ՛ուզենք, որ կատարուին միւս միջազգային կազմակերպութիւններուն՝ ԵԱՀԿի, Եւրոխորհրդարանի, Եւրոխորհուրդի, որոշումներն ու բանաձեւերը։ Եթէ չկան զանոնք իրագործելու միջոցներ, եթէ Հայաստանը կ՛անտեսէ միջազգային իրաւունքի այդ արժէչափերը, իսկ միջազգային հանրութիւնը իր կարգին ատոր դէմ ոչ մէկ բանի կը ձեռնարկէ, ապա այդ պարագային, հարցը կրնայ բարդանալ», ըսած է Ալիեւ՝ նշելով, որ Հայաստանը այսօր արհեստական կերպով կը ձգձգէ հարցը՝ փորձելով իբրեւ կառուցողական երկիր ներկայանալ. «Սակայն ճշմարտութիւնը այն է, որ Հայաստան վճռորոշ պահերուն կը հրաժարի նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններէն», յայտնած է Ալիեւ։

«Յոյս ունինք, որ հիմնախնդիրով զբաղող կառոյցները, կողմերը, միջնորդները վերջապէս ըսեն իրենց ծանրակշիռ խօսքը։ Ատոր ժամանակը շատոնց եկած է», նշած է ան՝ աւելցնելով, որ հակառակ պարագային, բանակցութիւններու իմաստը ամբողջովին պիտի կորսուի։

Միաժամանակ Ալիեւ նշած է, թէ միջազգային հանրութիւնը այս հարցին մէջ կ՛առաջնորդուի ոչ թէ օրէնքներով, այլ քաղաքական շահերով։ «Քաղաքական շահերն ալ պէտք է հիմնախնդիրով զբաղող կողմերուն ստիպեն գտնել հիմնախնդիրի արագ լուծումը, որովհետեւ հակամարտութիւնը տարածաշրջանին համար մեծ վտանգ կը ներկայացնէ։ Մենք կը հասկնանք, որ գերտէրութիւնները կ՛ուզեն այս տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն եւ խաղաղութիւն տեսնել։ Մենք ալ ատիկա կ՛ուզենք։ Սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ այս հիմնախնդիրը պէտք է սառեցուած վիճակի մէջ մնայ։ Ատիկա կարելի չէ», ըսած է Ալիեւ։

Ըստ Ատրպէյճանի նախագահին, տարածաշրջանային այս զարգացումները եւ «Ատրպէյճանի զարգացումը» չեն արտօներ, որ ներկայ իրավիճակը երկար պահպանուի։ «Մենք երբեք չենք կրնար համաձայնիլ ատոր. իրավիճակը պէտք է փոխուի», յոխորտացած է Ալիեւ։ 

comments