Հայաստանի Ֆութպոլի Հաւաքականը 4-2 Յաղթեց Լիթուանիոյ

By Asbarez | Wednesday, 14 November 2012

ԵՐԵՒԱՆ.- Վ. Սարգսեանի անուան Հանրապետական մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի ազգային հաւաքականի ընկերական հանդիպումը Լիթուանիոյ դէմ: Ասիկա Հայաստանի հաւաքականին այս տարուան վերջին հանդիպումն էր:

Առաջին կիսախաղի 7րդ վայրկեանին, Էդգար Մանուչարեանը  նշանակեց առաջին կոլը։ Երկրորդ կիսախաղին հաշիւը կրկնապատկեց Կարլեն Մկրտչեանը: Աւելի ուշ Մխիթարեանը հաշիւը բարձրացուց 3:0ի:

66րդ վայրկեանին լիթուանացի Արտուրաս Ռիմքեւիչուսը նշանակեց իր խումբի առաջին կոլը, իսկ քանի մը վայրկեան ետք Լիթուանիոյ բերդը ցնցուեցաւ Արազ Օզբիլիսի կոլով՝ արդիւնքը 4:1ի վերածելով:

Աւելի ուշ Լիթուանիոյ առաջին կոլը նշանակած մարզիկը նշանակեց նաեւ երկրորդ կոլ մը։ Հայաստան 4։2 արդիւնքով յաղթեց Լիթուանիոյ։

comments