By Asbarez | Saturday, 04 December 2010
Արեւմտեան մամուլին մէջ հրապարակուած «Ուիքիլիքս»ի բացայայտած եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պատկանող փաստաթուղթերէն ոմանք կը վերաբերին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին ու Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն:
Թրքական «Անգարա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Յունիս 8, 2009 թուակիր «գաղտնի» դրոշմով փաստաթուղթին մէջ կը ներկայացուին մանրամասնութիւններ՝ Ֆրանսայի նախագահի խորհրդական Ժան Տաւիտ Լեւիթի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆիլիփ Կորտընի միջեւ կայացած հանդիպումին մասին։
«Լեւիթ կ՛ըսէ, թէ իրենք պատմական առիթ կը տեսնեն ղարաբաղեան հիմնախնդիրի եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացներուն մէջ յառաջընթաց արձանագրելու համար, միաժամանակ ընդգծելով, որ այդ երկու գործընթացները իրարմէ անկախ են։ Իսկ Ֆիլիփ Կորտըն կը նշէ, թէ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ կարելի չէ դրական տեղաշարժեր արձանագրել, այնքան ատեն, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ յառաջընթաց չէ արձանագրուած», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ։
«Ուիքիլիքս» նաեւ հրապարակած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւի եւ Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էնն Տերսի զրոյցը, որուն մէջ մանրամասնութիւններ կը հաղորդուին Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանին կատարուած զէնքի առաքումներուն մասին։ Ապիեւ պատմած է Մոսկուա կատարած իր այցելութեան մասին, որովհետեւ Պաքուն անհանգստացած էր 2008ի ընթացքին Հայաստանին զէնք առաքելու փաստերով։ «Պաշտօնական հանդիպումներու ընթացքին, ըստ Ապիեւի, ռուս գործընկերները հերքած էին իրենց մեղսակցութիւնը։ Սակայն «երկրորդ շիշէն ետք» ռուսերուն լեզուն բացուած է եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը խոստովանած, թէ զէնքը առաքուած է Հայաստան, պատմած է Ապիեւ», ըսուած է դեսպանի նամակին մէջ։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի հասարակական-քաղաքական բաժինի ղեկավար Ալի Հասանով լրագրողներուն յայտնած է, թէ «Ուիքիլիքս»ի հրապարակումները իրականութիւնը չեն արտացոլեր։ «Ուիքիլիքս»ի հրապարակումներուն մէջ յստակ կերպով դրացի երկիրներու հետ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն վնասելու փորձ մը կը նկատուի։ Այդ պատճառով, մենք անգամ մը եւս կը յայտարարենք, թէ «Ուիքիլիքս»ի՝ Ատրպէյճանին վերաբերող հրապարակումները կեղծ են», ըսած է Հասանով։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ